Կիրօ Մանոյեան. «Դաւութօղլուն Ինչ Որ Չափով Հասաւ Իր Նպատակին»

By Asbarez | Friday, 13 December 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Թուրքիայի արտգործնախարարն ինչ որ չափով հասաւ իր նպատակին՝ ցոյց տալ, որ կայ Հայաստան-Թուրքիա ինչ որ գործընթաց»:

«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը՝ անդրադառնալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այցելութեան արդիւնքներուն:

«Արդէն միջազգային լրատուամիջոցների կողմից Նալբանդեանի հետ իր հանդիպման լուրի վերնագրերն այդ մասին են խօսում, որ ինքը ուզում էր ցոյց տալ, էդ խաբկանքը կարողացաւ իրականացնել: Իրականում դա խաբկանք էր», նշեց Կիրօ Մանոյեանը:

Ի պատասխան այն հարցումի, թէ ասոր մէջ Երեւանը մեղք ունի՝ Մանոյեան ըսաւ. «Այնքանով, որ մինչեւ հիմա տակաւին ընթացք են տալիս արձանագրութիւնների առկայութեանը, հնարաւորութիւն են տալիս, որ թուրքերը նման քայլեր ձեռնարկեն: Եւ այս բոլորից յետոյ, երբ մարդը տակաւին ասում է՝ խօսելու բաներ ունենք, հարցեր կան, պէտք է լուծենք: Եթէ էդպէս է, ուրեմն ինչո՞ւ արձանագրութիւնները ստորագրեցինք, եթէ հարցեր կան, նշանակում է՝ արձանագրութիւններն իմաստ չունեն»:

Կիրօ Մանոյեան այս պարունակին մէջ անգամ մը եւս կրկնեց իր արդէն իսկ նշանաւոր առաջարկը, որ Հայաստան իր ստորագրութիւնը վերցնէ հայ–թրքական արձանագրութիւններէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը 12 Դեկտեմբերին դիտել տուած էր, թէ թէեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններ կան, սակայն կարեւորը յաճախ հանդիպիլ եւ իրարու տեսակէտներէն տեղեակ ըլլալն է՝ նշելով, որ «խօսելու բաներ կան»:

Այս գծով ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուն նկատել տուաւ. «Էն ժամանակ խօսելու բաներն ուրիշ իմաստ կ՛ունենային, ոչ թէ որ էսպէս մեծացնէր, որ չորս տարի է՝ չենք տեսնուել , հիմա տեսնուեցինք եւ այլն, արձանագրութիւնների առկայութիւնն է դա ցոյց տալիս: Եւ իրականութեան մէջ յստակ կ՛երեւայ, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակ չունի, մինչդեռ արձանագրութիւնները ցոյց են տալիս, որ իբր ունի»:

Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած էր, որ՝ «1915ի հայերու տեղահանութիւնը անմարդկային էր, եւ Թուրքիան երբեք չէ աջակցած»:

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ թուրք պաշտօնեայի մակարդակով, արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով բան երբեւէ ըսուա՞ծ էր, եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ատիկա՝ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուն նշեց, որ նորութիւն չէ: «Որովհետեւ օրէնքը, որ այդ ժամանակ գործածել են, հէնց «տեղահանութեան օրէնքն» է, եւ նոր բան չի ասել նախարարը: Աւելին՝ 1919թ. թուրքական ռազմական դատարանի հետ համեմատած ոչինչ է ասել նոյնիսկ», աւելցուց Մանոյեան։

Տաւութօղլուն նշած էր, որ «արդար յիշողութիւն» կը նշանակէ փաստերը գիտնալ. այս գծով Մանոյեան դիտել տուաւ. «Արդար յիշողութիւնը որեւէ կապ չունի այն արդարութեան հետ, որոնք մենք՝ հայերս ենք ակնկալում»:

Լրագրողը հարցուցած է, որ արդեօք այս հանդիպումը շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ. Կիրօ Մանոյեան նկատել տուաւ, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ այդ փորձերը, եւ եթէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը ճիշդ ձեւով չշարժի, ապա պիտի իյնայ թրքական թակարդին մէջ:

comments