Տաւութօղլու «Անմարդկային» Որակած Է «Օսմանեան Կայսրութեան Կատարածը»

By Asbarez | Friday, 13 December 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին մասնակցելու նպատակով՝ Դեկտեմբեր 12ին Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին, փորձած է փաթեթաւորել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ թրքական նախապայմանները: Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Տաւութօղլու նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը «անմարդկային» որակած է:

Տաւութօղլու պնդած է, թէ աշխատանք կը տարուի երկու երկիրներուն միջեւ շարունակուող «անշարժութիւնը յաղթահարող կառուցողական առաջարկի» մը վրայ, ու նշած է, թէ այդ ուղղութեամբ վերջին ամիսներուն Պաքուէն եւս դրական ուղերձներ ստացած է, սակայն, խուսափած է անոնց մասին մանրամասնութիւններ բացայայտելէ:

Տաւութօղլու միաժամանակ նշած է, որ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը Հայաստանի հետ սահմանը բանալ չէ: Ան սահմանին բացումը դարձեալ կապած է Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման: Ըստ անոր՝ այդ գործընթացը «երեք ոտք ունի»: Առաջինը՝ Հայաստան-Թուրքիա, երկրորդը՝ հայ-ատրպէյճանական, իսկ երրորդը՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու յարաբերութիւններն են, որոնք պէտք է կարգաւորուին: «Երեք ոտքերէն մէկը եթէ վնասուի, խնդիրներ պիտի յառաջանան: Ըսենք՝ սահմանը բացինք. եթէ վաղը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմ սկսի, դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլանք զայն փակելու», ըսած է ան:

Տաւութօղլու թուրք-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին ձախողութիւնը դարձեալ վերագրած է հայկական Սփիւռքին՝ նշելով, որ Սփիւռքը ճնշում կը բանեցնէ այդ յարաբերութիւններուն վրայ, ինչին պատճառով ալ՝ «գործը առաջ չ՛ընթանար»:

«Մենք կ՛ըսենք արդար յիշողութիւն, որ կը նշանակէ, թէ մենք պէտք է իմանանք ճշմարտութիւնը: Այն ատեն պիտի կը տեսնենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները գերմանա-հրէական յարաբերութիւններուն նման չեն յենուիր անցեալի վրայ: Իւրաքանչիւր փողոցի մէջ կայ ընդհանուր գիծ մը, որ պէտք է հետազօտուի: Տեղահանութիւնը ես ամբողջութեամբ սխալ կը համարեմ: Իթթիհատականներուն կատարածը սխալ եւ անմարդկային է», ըսած է Տաւութօղլու՝ միաժամանակ ըսելով, որ այդ մէկը Օսմանեան կայսրութեան կատարածն է եւ թրքական ներկայ պետութիւնը անոր պատասխանատուութիւնը չի կրնար ստանձնել:

comments