Նախագահներու Քազանեան Հանդիպումը Կը Մտահոգէ Վահան Յովհաննիսեանը

By Թերթ | Tuesday, 07 June 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-  Երկուշաբթի, 6 Յունիսին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ազգային Ժողովի մէջ ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան իր մտահոգութիւնները յայտնեց ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ:

«Ես լուրջ մտահոգ եմ, որովհետեւ ես չեմ կարծում, որ Տովիլեան յայտարարութիւնը միանշանակօրէն մեր օգտին էր», յայտարարեց Յովհաննիսեան՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ան ի՞նչ ակնկալիքներ ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ այս ամսուան վերջաւորութեան Քազանի մէջ սպասուող հանդիպումէն:

«Վերջապէս յայտարարութիւնները չեն, որ քաղաքական գործընթացներն առաջնորդում են: Յայտարարութեան արդիւնքում կողմերը պէտք է աշխատեն յստակ փաստաթուղթի վրայ, այդ փաստաթուղթը՝ տարբեր մոդիֆիկացիաներով (փոփոխութիւններով-Խմբ.) Մատրիտեան փաստաթուղթն է, որի որեւէ մոդիֆիկացիան մեզ համար ընդունելի չէ», շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Յովհաննիսեանի վերլուծումով, Հայաստանի իշխանութեանց վրայ ճնշումներու առաւել ուժգնացումը նկատելի է: Իսկ ճնշումները ոչ թէ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղութեամբ է, որ կը բանեցուին, այլ՝ ղարաբաղեան հարցի շուրջ: Միջազգային ճնշումներու ուժեղացման համար Յովհաննիսեան պատասխանատու նկատեց ՀԱԿի ձեռնարկած քարոզչական քայլերը:

Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն անդրադառնալով, Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ինք չի բացառեր «որ կարող է արտահերթ ընտրութիւնների անցկացման անսպասելի որոշում լինել»: Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ ինք կը հասկնայ, թէ իշխանութեան մէջ հիմա կայ երկու թեւի պայքար, որոնք թէեւ իրարու դէմ կանգնած ճակատներ չեն, բայց ունին տարբեր մտայնութիւններ: ՀՅԴ գործիչին խօսքով, առողջ ու պարտուողական մտայնութիւններ կան նաեւ Կոնգրեսին մէջ, հետեւաբար դժուար է խօսիլ, թէ ինչ օրակարգով պիտի իրականանան ՀԱԿ-իշխանութիւն բանակցութիւնները:

Յովհաննիսեան տարօրինակ կը գտնէ իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան միջեւ պատուիրակութիւններով բանակցելու երեւոյթը, որովհետեւ նման ձեւաչափ կ՛օգտագործուի քաղաքացիական պատերազմի պարագային, երբ երկու տարբեր «պարիքատներու» ներկայացուցիչները սպիտակ դրօշով կը հասնին կէտի մը եւ կը սկսին բանակցիլ, թէ ո՞վ պիտի յանձնուի միւսին:

Յովհաննիսեանի համար պարզ է, որ իշխանութիւնն ալ իր օրակարգը ունի: «Բայց ՀԱԿը տեղաւորւո՞ւմ է այդ օրակարգում, թէ չէ՝ այ այստեղ է, որ ես լուրջ հարց եմ տեսնում: Ես էլ եմ կարծում, որ իշխանութիւնն արդէն պէտք է ներողութիւն խնդրի ու գնայ, բայց այստեղ խնդիրն այն է՝ ումի՞ց ներողութիւն խնդրի ու գնայ: Ես կարծում եմ, որ նա հասարակութիւնից, ժողովրդից պէտք է խնդրի այդ ներողութիւնը, եւ ոչ թէ որեւէ քաղաքական ուժից, որքան էլ այդ ուժն իրեն առաջին դրօշակակիր ներկայացնի», շեշտեց Վահան Յովհաննիսեան: Անդրադառնալով իշխանութիւններուն, դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ իշխանութիւնը պէտք է գիտակցի, որ ինք յաւերժ չէ, որ ինք ձախողած է:

comments