By Asbarez | Tuesday, 14 January 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան մէջ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանը պիտի փոխարինէ Միքայէլ Մանուկեանը: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը: Անոր համաձայն՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը այս առիթով նիստ կայացուցած եւ նման որոշում տուած է: «Ցուցակով յաջորդ համարը Միքայէլ Մանուկեանն է: Նա ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի նախագահն է: Նախկինում եւս պատգամաւոր է եղել եւ ունի անհրաժեշտ փորձառութիւն», դիտել տուած է Արծուիկ Մինասեան:
Նշենք, որ 28 Դեկտեմբեր 2013ին նախագահական հրամանագիրով Վահան Յովհաննիսեան նշանակուած էր Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան:
Միքայէլ Վաղինակի Մանուկեան ծնած է 10 Ապրիլ 1967ին, Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի գեղարուեստական ձեւաւորում բաժանմունքը. ան նկարիչ է։ 2006ին աւարտած է Պետական մանկավարժական հիմնարկը։ Ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ: Ղարաբաղեան ազատամարտի սկիզբէն մասնակցած է պատերազմական գործողութիւններուն:
1992-2002 թուականներուն աշխատած է «Երկիր» օրաթերթին մէջ՝ որպէս թղթակից, 2002ին՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին մէջ՝ իբրեւ կուսակցական կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու:
Պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի «Շուշիի ազատագրման համար», «Մարշալ Բաղրամեան» եւ ԼՂՀ «Մարտական ծառայութեան» մետալներով:
2002-2007 եւ 2010էն մինչեւ օրս ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նախագահն է:
12 Մայիս 2007ին Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է համամասնական ընտրակարգով՝ ՀՅԴ կուսակցութենէն:
Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ