By Asbarez | Wednesday, 29 January 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– 29 Յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի մահուան 95ամեակն էր:
Թէեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յիշատակը արժանավայել կերպով չնշուեցաւ պետական մակարդակով, սակայն անոր յիշատակը ոգեկոչուեցաւ այլ ձեւով։
Ոստիկանութեան աշխատակիցները ծաղիկներ զետեղեցին Արամ Մանուկեանի կիսանդրիին առջեւ: Մինչ այդ, շատեր իրենց քայլերը ուղղած էին դէպի Երեւանի քաղաքային պանթէոն: 29 Յունուարը այն եզակի օրերէն է, երբ՝ հետեւելով մարդոց հոսքին եւ շրջանցելով բազմաթիւ գերեզմաններ, հոն կարելի է գտնել Արամ Մանուկեանի շիրմաքարը: Համեստ անկիւն մը, ուր այցելելու համար խորհրդային տարիներուն կարելի էր պատժուիլ։
«Արամ Մանուկեանը ցոյց տուեց առանց ազգային մտածողութեան հնարաւոր չէ կայացնել, ուժեղացնել պետութիւնը եւ հնարաւոր չէ լինել արժանապատիւ քաղաքացի: Դրա համար միակ բանալին դա ապրելու բանալին է», լրագրողներուն հետ զրուցած ատեն դիտել տուած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:
«Նա մեծ ներդրում ունեցաւ Վան-Վասպուրականի ինքնապաշտպանական մարտերին , հազարաւորներին փրկելով ցեղասպանութիւնից», յայտնած է ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէի անդամ Բագրատ Եսայեանը:
Ազգային գործիչէն նոր սերունդներուն փոխանցուած է հիմնական պատգամ մը՝ երազել եւ այդ երազը իրականութիւն դարձնել, հաւատալ, որ աւերակներուն մէջէն իսկ կարելի է բարձրացնել պետութիւն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ