By Asbarez | Wednesday, 19 February 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ սահմանի բացումին համար իբրեւ նախապայման առաջ քաշել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցը:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ թրքական պաշտօնական տեսակէտը Չորեքշաբթի, Փետրուար 19ին վերահաստատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, որ «սուտ» որակած է այն տեղեկութիւնները, թէ թրքական կողմը կը պատրաստուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ սահմանը բանալու:
«Թուրքիոյ դիրքորոշումը ակնյայտ է եւ անոր մէջ փոփոխութիւններ չկան: Քանի դեռ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կարգաւորուած չէ, Հայաստանի հետ սահմանը չի բացուիր», յայտարարած է Տաւութօղլուն՝ «եղբայրական» Ատրպէյճանի մէջ հրաւիրած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան Ատրպէյճան կը գտնուէր Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ եռակողմանի հանդիպումի մը համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի հերթական յայտարարութիւնը կը փաստէ, թէ պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ ղարաբաղեան հիմնահարցին մէջ պաշտպանել «փոքր եղբայրը»՝ Ատրպէյճանը, եւ կը փորձէ միջնորդի դեր խաղալ Արցախի հակամարտութեան հարցով:
Թրքական լրատուամիջոցները վերջերս աւելի յաճախ կը գրեն, թէ թրքական իշխանութիւնները մտադիր են Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Այս առումով կը նշուի, թէ կ՛ականազերծուի Հայաստանի հետ սահմանը՝ մօտիկ ապագային զայն բանալու նպատակով:
Չորեքշաբթի օր նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ եռակողմ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ