By Asbarez | Thursday, 13 March 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Չգիտեմ՝ խորհրդարանական չորս քաղաքական ուժերի կոնսոլիդացիայի արդիւնքում ինչ իրավիճակում են յայտնուել իշխանութիւնները, սակայն ակնյայտ է, որ երկրի ղեկավարութիւնը պէտք է մտահոգուի Հայաստանում ստեղծուած իրավիճակով»:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը:
Ինչ կը վերաբերի այն երեւոյթին, որ ոչ համաձայնական ուժերն ու իշխանութեան ներկայացուցիչները տուեալ պահուն կը շարունակեն «քաղաքավարի յայտարարութիւններ» կատարել միմեանց հասցէին, ապա Վարդանեան կը կարծէ, թէ համագործակցութեան ուղիներու որոնման գործընթաց տեղի կ՛ունենայ եւ ատոր տակ այլ պարունակ պէտք չէ փնտռել. «Երկրում իրավիճակն այնպիսին է, որ փոփոխութիւններն անհրաժեշտ են: Մեր նպատակն է իրավիճակից ելք փնտռել: Մենք չորս տարբեր կուսակցութիւններ ենք՝ տարբեր մօտեցումներով, սակայն այժմ կարեւոր է, որպէսզի գտնենք այն խնդիրներն ու դրանց լուծումները, որոնք միաւորում են մեզ ու այդ կերպ աւելի լայն համագործակցութեան համար հիմք ստեղծենք: Թէ ինչպէս է դրան վերաբերում իշխանութիւնը, դա իր խնդիրն է: Չնայած որ իշխանութիւնը փորձում է ցոյց տալ, որ անսասան է, սակայն նրանք էլ հոգու խորքում գիտեն, որ փոփոխութիւններ են հարկաւոր»:
Անդրադառնալով համախմբուած քաղաքական ուժերու առաջնորդի հարցին, ան նշած է, որ այս պարագային ատիկա երկրորդական խնդիր է, երկրին մէջ կան արդիական հարցեր, որոնք պէտք է լուծում ստանան, անկէ ետք նոր քաղաքական իրավիճակ պիտի ստեղծուի: «Այդ ժամանակ էլ քաղաքական ուժերը կը զբաղուեն առաջնորդի ընտրութեան հարցով: Պէտք է համակարգային փոփոխութիւնների հասնենք, որպէսզի նոր իշխանութիւնը հին սխալները չկրկնի»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ