Տաւութօղլու Կը Խորհրդակցի Հայաստանեան Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

By Մարմարա | Tuesday, 26 July 2011

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ տնտեսական քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը (ԹԷՓԱՎ), որ 2009էն ի վեր Հայաստանեան հասարակական կազմակերպութիւններու հետ միասին աշխատանք կը տանի Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներու յառաջընթացը ապահովելու նպատակով, այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Հայաստանէն հասարակական հինգ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հայաստանցի պատուիրակները, որոնց ընտրութիւնը հայ-թրքական գործակցութիւնը ջատագովողներու տեսանկիւնէն նպատակային եղած կը թուի ըլլալ, առաջին անգամ ըլլալով Անգարա եկան ու Երեքշաբթի, Յուլիս 19ին ընդունուեցան արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձան փրոթոքոլներու ստորագրութեան յաջորդող զարգացումներն ու թրքական կողմէ մէջտեղ քշուած նախապայմանները։ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու զարգացման կեդրոնի տնօրէն Թեւան Պօղոսեան «ցաւ» յայտնեց փրոթոքոլներու ձախողութեան համար՝ ընդգծելով, որ Թուրքիա ժամ առաջ գործադրութեան մէջ պէտք է դնէ այդ փաստաթուղթի մէջ ամրագրուած կէտերը։

Պօղոսեան շեշտեց, թէ գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դաշտը եւ ինչպէս Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընն ալ ըսած էր ընդամէնը քանի մը օր առաջ, որ առաջին քայլը Թուրքիան պէտք է առնէ։ Անդրադառնալով փակ սահմաններուն՝ Հայաստանցի պատուիրակները նշեցին, որ սահմաններու բացումով Թուրքիոյ ազդեցութիւնը աւելի ծանրակշիռ պիտի դառնայ տարածաշրջանէն ներս։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Հայաստանի Քաղաքացիական հասարակութիւն եւ տարածաշրջանային զարգացման կեդրոնի տնօրէն Աղաւնի Գարախանեանը, որ իր կարգին նշեց, թէ արմատներով Էրզրումէն է եւ կը փափաքի տեսնել իր նախնիներուն ծննդավայրը։ Նախարարը ըսաւ. «Օր մը պիտի գաք, պիտի կարենաք տուն գնել եւ նոյնիսկ հաստատուիլ ձեր նախնիներու ապրած վայրերուն մէջ»։

Հայաստանեան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները նաեւ դժգոհութիւն յայտնեցին Երեւան-Պոլիս օդանաւի տոմսերու բարձր գիներէն։

Խօսուեցաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։ Տաւութօղլու, ակնարկելով անցեալի յիշողութիւններուն՝ ընդգծեց, թէ ներկայիս այս հարցը աւելի ազատօրէն քննարկութեան նիւթ կը դառնայ՝ զանազան մակարդակներու վրայ։

comments