ՀՅԴն Պիտի Չմասնակցի «Հայերու Համաշխարհային Համագումար»ին

By Ազատութիւն | Monday, 01 August 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, Յուլիս 28ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի յաջորդ Դեկտեմբերին Սեւրի մէջ կայանալիք «Հայերու համաշխարհային համագումար»ին:

Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը ստորագրուած է 1920ի Օգոստոս 10ին, մէկ կողմէ Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան, իսկ միւս կողմէ՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին յաղթած պետութիւններուն եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ: Պայմանագիրին համաձայն, մասնաւորապէս Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար իբրեւ անկախ պետութիւն, իսկ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանազատումը կը մնար ԱՄՆի որոշումը:

1920 Սեպտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով, Հայաստան պէտք է ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու գրեթէ երկու երրորդը, Էրզրումի գրեթէ ամբողջ նահանգը եւ Տրապիզոնի նահանգին մեծ մասը՝ ներառեալ նաւահանգիստը:

Պայմանագիրը, սակայն, մնաց թուղթի վրայ: Զայն չվաւերացուց նոյնիսկ սուլթանական կառավարութիւնը: Իսկ Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան եկած քեմալականները՝ օգտուելով միջազգային նոր իրադրութենէն, որ ստեղծուած էր Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ մերձեցման իբրեւ արդիւնք, յանգեցան Սեւրի պայմանագիրի վերանայման ու փաստօրէն՝ վերացման:

Մանոյեանի փոխանցումով, Դաշնակցութիւնը կը համարէ, որ Սեւրի պայմանագիրին առնչուող խնդիրները պէտք չէ հետապնդուին հասարակական նախաձեռնութիւններու մակարդակով. պայմանագիրը ստորագրած է հայոց պետութիւնը, հետեւաբար, պետութիւնն ալ պէտք է հետամուտ ըլլայ անոր։ «Սեւրի պայմանագիրով հայութեան վերապահուած իրաւունքը՝ յատկապէս տարածքներու մասով, շատ պարզ է, որ պետութեան կը պատկանի: Մնացած մարզանքները՝ տարբեր մղումներէ բխած, մեղմ ասած՝ անհասկնալի են եւ մեզի համար՝ անընդունելի», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:

Նման նախաձեռնութիւններու իբրեւ արդիւնք, ըստ Մանոյեանի, Սեւրի պայմանագիրն ու Ուիլսընի իրաւարար վճիռը կը յայտնուին վարկաբեկման վտանգի առջեւ: Մանոյեան աւելցուց, որ իրենց համար անհասկնալի է նաեւ դեկտեմբերեան համագումարի կազմակերպական ձեւաչափը: ՀՅԴի համար անընդունելի է այն բանը, որ սոյն համագումարը յաւակնութիւնը ունի համարուելու 1917ին եւ 1919ին կայացած համագումարներուն իրաւայաջորդը: Ըստ անոր, անհասկնալի է նաեւ այն մօտեցումը, թէ հաւաքին պիտի մասնակցին արեւմտահայութեան ներկայացուցիչները: «Ընդհանուր առմամբ դէմ ենք այս մօտեցումին, որ նոր-նոր արեւմտահայու-արեւելահայու բաժնելու խնդիր կը յառաջացուի», նշեց Մանոյեան եւ ամփոփելով ըսաւ. «Դժբախտաբար այս գործին մէջ ընդգրկուած են նաեւ շատ ազնիւ մարդիկ՝ ազնիւ մղումներով, որոնք դժբախտաբար մոլորած են»:

Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարուժան Կիւրեղեան, որ այդ համագումարի կազմակերպիչներէն է, իր կարգին նշեց, որ 90 տարուան ընդմիջումէ ետք տեղի ունենալիք համահայկական ընդգրկման այս հաւաքը միայն խորհրդանշական առնչութիւն ունի Սեւրի պայմանագիրի ստորագրման 91րդ տարելիցին հետ: Նախապէս, Վ. Կիւրեղեան թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ» պարբերականին ըսած էր, թէ սփիւռքահայ տարբեր շրջանակներ ներկայացնող շուրջ 200 պատուիրակներ պիտի  մասնակցին Դեկտեմբերին կայանալիք համաժողովին, նպատակ ունենալով ճշգրտել եւ ի մի բերել արեւմտահայութեան կողմէ Թուրքիոյ ներկայացուող պահանջները:

Անդրադառնալով այդ խօսակցութեան՝ Կիւրեղեան մանրամասնեց ըսելով. ««Սեւր»ը մեզի համար խորհրդանիշ է: Սեւրի պայմանագիրին հետ այնքան ալ կապուած չէ: Ասիկա աւելի կապուած է արեւմտահայոց համագումարներուն հետ, որոնք տեղի ունեցան 1917ին եւ 1919ին: Նպատակը՝ արեւմտահայերու իրաւունքները պարզել եւ ապա զանոնք միջազգային օրէնքներու հիման վրայ ներկայացնել Թուրքիոյ»:

Սոյն համագումարին կազմակերպումը, Կիւրեղեանի փոխանցումով, հնարաւոր դարձած է արեւմտահայ ծագում ունեցող մոսկուահայ հարուստ շրջանակներու, մասնաւորապէս՝ Կարէն Միքայէլեանի շնորհիւ:

Իսկ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը՝ համագումարին հարցով՝ Կիւրեղեան բացատրեց հետեւեալ կերպով. «Հայկական մեծ կազմակերպութիւնները չեն սիրեր այդպիսի քայլեր: Անոնք միշտ իրենց նախանձախնդրութիւնը ունին»:

Վարուժամ Կիւրեղեան աւելցուց, որ յառաջիկայ համագումարին մասնակիցները յատկապէս անհատ մտաւորականներ են:

comments