By Երկիր | Tuesday, 09 August 2011
ՏԱՒՈՒՇ, «Երկիր».- Յուլիս 30ին, Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերդ գիւղը այցելեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, հանդիպելու համար տեղի բնակչութեան հետ, լսելու անոնց խնդիրները եւ ներկայացնելու ստեղծուած հասարակական, տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու Դաշնակցութեան ծրագիրները։
Մինչ Արմէն Ռուստամեան կը ժամանէր Բերդի Մշակոյթի տուն, ուր նախատեսուած էր հանդիպումը, սահմանամերձ Չինարի գիւղի բնակիչ Սամուէլ Մակարեան պատմեց, թէ պահածոներու փոքրիկ գործարան ունի՝ ընդամէնը տասը աշխատակիցով, սակայն Չինարի եւ շրջակայ քանի մը գիւղերու բնակիչները հնարաւորութիւն ունին իրենց բերքը յանձնելու գործարան: Սամուէլ դժգոհ է, որովհետեւ սահմանամերձ նշեալ շրջանին մէջ գիւղացին անտարբերութեան մատնուած է: Համապատասխան ճարտարագիտութիւն չըլլալու պատճառով, վարելահողերը չեն մշակուիր եւ կը վերածուին արօտավայրերու:
«Մեր գիւղում հիմա 5-6 հետկար հող է մշակւում միայն: Մինչդեռ ժամանակին՝ 130-140 հետկար էր մշակւում: Ժամանակին միայն իմ ընտանիքը Արցախեան ազատամարտի ժամանակ 2.5-3 տոննա ցորեն էր ունենում: Իսկ հիմա, յարաբերական խաղաղութեան պայմաններում, հիմա ես ցորեն չունեմ: Ստիպուած գնում եմ», յայտնեց Սամուէլ Մակարեան:
Բերդեցիները Արմէն Ռուստամեանին ներկայացուցին իրենց խնդիրները՝ ոչ միայն հանդիպման ժամանակ, այլ տակաւին անոր չսկսած: Բերդեցի կին մը քաղաքական գործիչին կը բողոքէր, թէ ընտանիքը կ՛ապրի 32 հազար դրամով միայն: Հանդիպման ընթացքին, Արմէն Ռուստամեան ներկայացնելով նշեալ կնոջ բողոքը՝ յիշեցուց սպառողական նուազագոյն զամբիւղի օրէնքին մասին Դաշնակցութեան պահանջքը, զոր կառավարութիւնը կը մերժէ՝ նիւթական ունենալու պատճառաբանութեամբ: Մինչդեռ եթէ տնտեսութիւնը ամբողջութեամբ դուրս գայ ստուերէն, կառավարութիւնը աչք չփակէ մենաշնորհներու եւ քանի մը մեծահարուստներու գործունէութեան դիմաց, ապա գումարներ հաստատ պիտի գտնուին: «Այն շրջանառութիւնը, որ կայ մեր երկրում, հսկայական գումարներ է կազմում: Իսկ այդ գումարները պետական պիւտճէ չեն մտնում՝ հարկային եւ մաքսային արատաւոր քաղաքականութեան պատճառով», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան եւ աւելցուց. «Ժողովրդի աջակցութիւնն է պէտք՝ ստեղծուած վիճակից դուրս գալու համար: Դաշնակցութիւնը ունի յստակ ծրագիր: Կառավարութիւնը ձախողել է բոլոր ծրագրերը: Երկրում անհրաժեշտ է համակարգային փոփոխութիւն»:
Բերդեցիները կը հետաքրքրէր նաեւ ՀԱԿ-իշխանութիւն երկխօսութեան ճակատագիրը, թէ՝ հասարակ քաղաքացին ի՞նչ պիտի շահի այդ երկխօսութենէն։ Ռուստամեան բացատրեց, թէ արտահերթ կամ հերթական ընտրութեամբ ոչինչ պիտի փոխուի: Ըստ անոր, արտահերթի յոխորտանքները անիմաստ են, քանի դեռ չէ պարզուած, որ եթէ իշխանութեան գաս՝ ի՞նչ պիտի ընես ժողովուրդին համար, բացատրեց ՀՅԴ գործիչը: «Մեզ պէտք չէ այնպիսի իշխանափոխութիւն, որ մի վարչախումբը փոփուի միւսով: Դա անիմաստ է: Մենք մարդափոխութեան խնդիր չենք դնում», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Դաշնակցութիւնը արդէն նախաձեռնած է «Քուէն ուժ է» շարժումին, որուն նպատակն է՝ նպաստել ոչ միայն ընտրութիւններու ազատ եւ արդար իրականացման, այլ նաեւ փորձել ժողովուրդին բացատրել, որ իր քուէն արժէք է, այլապէս՝ հինգ կամ տասը հազարով զայն չեն գներ:
Հանդիպման աւարտին եւս բերդեցիները երկար ժամանակ կը զրուցէին Արմէն Ռուստամեանի հետ ու կը ներկայացնէին ստեղծուած վիճակէն դուրս գալու իրենց առաջարկները: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, թէ ամբողջ ամրան ընթացքին, կուսակցութեան ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին Հայաստանի այլ մարզերու բնակիչներուն հետ, իսկ արդէն Սեպտեմբեր 16ին, Երեւանի մէջ նախատեսուած հանրահաւաքին ժամանակ ստանալով բնակչութեան աջակցութիւնը՝ աշնանային նստաշրջանին կրկին պիտի փորձեն կառավարութեան հանդէպ անվստահութիւն յայտնել:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ