
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նիուզ».– 18-20 Ապրիլին Աղուերանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի հերթական Գերագոյն ժողովը: Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Գերագոյն մարմինը հետեւեալ կազմով՝ Արմէն Ռուստամեան, Արծուիկ Մինասեան, Աղուան Վարդանեան, Լիլիթ Գալստեան, Հրաչ Թադեւոսեան, Միքայէլ Մանուկեան, Պետրոս Մեղրեան, Արտաշէս Նիկոյեան, Յովհաննէս Թադեւոսեան, Վարդան Ալեքսանեան եւ Սամուէլ Երանեան: 22 Ապրիլին, ժամը 14։00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ (Հանրապետութեան 30) ՀՅԴ նորընտիր Գերագոյն մարմինի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեանը մամլոյ ասուլիս պիտի տան։
ՀՅԴի անդամ Արտաշէս Շահբազեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նոր անդամներ են դարձել Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը, Սամուէլ Երանեանն ու Պետրոս Մեղրեանը: Գերագոյն մարմինի անդամութիւնից հրաժարուել են արդէն նախկին անդամներ Սպարտակ Սէյրանեանն ու Արսէն Համբարձումեանը: Նոր Գերագոյն Մարմինի կազմում են Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանը, Արծուիկ Մինասեանը, Աղուան Վարդանեանը», նշած է ան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի Գերագոյն ժողովը վերահաստատած է Գերագոյն մարմինի՝ 17 Ապրիլի որոշումը, որով յայտարարուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը մաս պիտի չկազմէ նոր ձեւաւորուող կառավարութեան։
Յիշեցնենք, որ Գերագոյն Մարմինը որոշած էր՝ «հետեւել իշխանութեան եւ կառավարութեան գործողութիւններին, նրանց հանդէպ վերաբերմունքն ու գործակցութեան ձեւաչափը պայմանաւորել առաջարկուած փաթեթի իրագործման աստիճանով»: Դաշնակցութեան յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ կուսակցութեան նպատակը եղած է ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի պետականութեան հզօրացումը, մեր քաղաքացիներու արժանապատիւ, բարեկեցիկ կեանքը: