By Asbarez | Monday, 26 September 2011
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը անցնող շաբաթավերջին խորհրդարան վերադարձուցած է Հայ-թրքական հաշտութեան արձանագրութիւնները, որոնք շաբաթներ առաջ խորհրդարանի օրակարգէն դուրս մնացած էին, նոր խորհրդարանի մը կազմութեան պատճառով:
Նշենք, որ թրքական օրէնքին համաձայն, բոլոր այն բանաձեւները, որոնք չեն վաւերացուիր նախկին խորհրդարանին կողմէ, ինքնաբերաբար անվաւեր կը նկատուին նորընտիր խորհրդարանին կողմէ, սակայն նախարարաց խորհուրդը իրաւասութիւն ունի անվաւեր հռչակուած բանաձեւները կրկին օրակարգի բերելու:
Թրքական «Թաքուիմ» օրաթերթը կը յայտնէ, թէ Երեւանի նկատմամբ իբրեւ «բարի կամքի ցուցաբերում», Թուրքիոյ կառավարութիւնը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները վերադարձուցած է խորհրդարան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ