Նախագահ Սահակեան ընդունած է Ֆրանսական պատուիրակութիւն մը

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոստի Արմէնիա».– «Արցախում յատուկ ուշադրութիւն է յատկացւում Ֆրանսիայի հետ բարեկամութեան հետեւողական խորացմանը», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Ֆրանսայի Լէ Պեն-Միրապօ քաղաքի քաղաքապետ Միշել Ամիէլի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:


Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Լէ Պեն-Միրապոյի եւ Մարտունիի միջեւ կապերու ընդլայնումը՝ քոյր քաղաքներու ծիրին մէջ, եւ այս մէկը կենսական սեպած է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէ:

Հանդիպման կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:


comments