Վիգէն Յովսէփեանի գլխաւորած սփիւռքահայ գործարարներու պատուիրակութիւնը կը հանդիպի Արցախի ղեկավարութեան հետ

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Խումբ մը գործարարներու հետ Արցախ գտնուող ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան տեսակցութիւններ ունեցած է քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Գործարարները Արցախ կը գտնուին ուսումնասիրելու Արցախի ներդրումային միջավայրը:


9 Յուլիսին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Անոնք քննարկած են Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Սփիւռքի ներդրումը Արցախի զարգացման եւ շէնացման գործին մէջ՝ արժեւորելով նաեւ սփիւռքահայ գործարարներուն դերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժամանակակից առեւտուրի մշակոյթի ձեւաւորման մէջ: Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

Վիգէն Յովսէփեանի գլխաւորած սփիւռքահայ գործարարներու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեանի հետ:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան փոխնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեանը:

Հանդիպման ընթացքին փոխվարչապետը գործարարներուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան կառուցուածքը եւ տնտեսական տարբեր ճիւղերու զարգացման կարելիութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ այն տնտեսական ծրագիրներուն, որոնք ներկայիս ընթացքի մէջ են: Փոխվարչապետը կարեւոր նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան բնագաւառին մէջ սփիւռքահայ գործարարներու ներդրումներուն դերակատարութիւնը՝ վստահեցնելով, որ Արցախը կրնայ ըլլալ շահաւէտ երկիր ներդրումներու համար, քանի որ այս առումով հոն կան բոլոր բարենպաստ պայմանները:

Գործարարները հարցումներ ուղղած են՝ մասնաւորաբար շուկային մէջ սպառման խնդիրի, այդ ուղղութեամբ հաւանական աշխատանքներու մասին, ինչպէս նաեւ Մաքսային միութեան անդամակցութեան եւ Արցախի վրայ նման քայլի մը ունենալիք ազդեցութեան մասին:

Փոխվարչապետը ընդգծած է, որ այսօր, ի հարկէ, սպառման խնդիրը առկայ է Արցախի մէջ, քանի որ գիւղատնտեսութիւնը մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ արտադրելու բազմաթիւ գիւղական մթերքներ, որոնց համար սպառման շուկայի խնդիր կայ, եւ հոս կ՛ակնկալուի նաեւ Սփիւռքի օժանդակութիւնը:

Մաքսային Միութեան Հայաստանի անդմակցութեան եւ Արցախի վրայ հաւանական ազդեցութեան մասին խօսելով՝ փոխվարչապետը նշած է, որ Արցախը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուին ընդհանուր տնտեսական գօտիի մէջ եւ այս իրողութիւնը կարելի չէ որեւէ փոփոխութեան ենթարկել:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին ընկերացող պատուիրակութեան մաս կազմող գործարարները յայտնի անուններ են մեր համայնքին մէջ, ծանօթ իրենց բազում բարեգործութիւններով: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հէրի Նաճարեան, Չարլի Կայլեան, Հայկ Թագուորեան, Ռոպերթ Սեդրակեան, Սեւակ Խաչատուրեան, Գօգօ Յովսէփեան եւ Շահէ Պարսումեան:

 


comments