Մարգարեան Կը Զգուշացնէ Նախագահը Արձանագրութիւնները Ստորագրելէ

By Asbarez | Thursday, 17 September 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Չորեքշաբթի օր, <<Ազատութիւն>> ռատիօկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի՛ր իսկ շահերէն մեկնած՝ պէտք է զգաստանայ եւ չստորագրէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առնչուող փաստաթուղթերը, այլապէս՝ ան կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը:

<<Որքան խորանում ենք այս արձանագրութիւնների տեքստի մէջ, թւում է, որ սա պարտադրուած պայմանագիր է, թւում է, որ հայկական կողմը չի բանակցել, այլ ընդունել է փաստաթուղթը: Կարծում եմ, որ ինքը (Սերժ Սարգսեանը) հէնց իր շահերից ելնելով, պէտք է վերջապէս զգաստանայ եւ հրաժարուի ստորագրելուց: Պատասխանատուութեան հարց գոյութիւն ունի: Այդ պատասխանատուութիւնը ինքը պէտք է կրի: Այս ժողովուրդը վերջ ի վերջոյ այդ պատասխանատուութեան կանչելու է իրեն, եւ գինը ծանր է լինելու>>, յայտնած է Մարգարեան:

<<Այս ամբողջ դժգոհութիւնները, որոնք այս երկրում կան՝ սոցիալական վիճակ, անարդարութիւններ... Այս ամբողջ իրավիճակը, որ գոյութիւն ունի, սա (հայ-թուրքական արձանագրութիւններին առնչուող հարցը) այն կաթիլն է, որ յորդելու է բաժակը>>, աւելցուցած է ՀՅԴի ներկայացուցիչը:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, իր կարգին, <<Ազատութեան>> թղթակիցին յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը մասնակցելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած խորհրդակցական հանդիպումին՝ պիտի փոձէ պարզել, եթէ կարելիութիւն կայ փաստաթուղթին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու:

Եթէ պարզուի, որ փաստաթուղթերը փոփոխութիւններու ենթակայ չեն, ապա, Ռուստամեանի համոզումով, կը նշանակի, որ անոնք պարտադրուած են հայկական կողմին:

<<Ուրեմն մեր գնահատականն էլ պէտք է ելնի հէնց դրանից. ինչո՞ւ հասանք նրան, որ մեզ հնարաւոր եղաւ այսպիսի բան պարտադրել>>, աւելցուցած է Արմէն Ռուստամեան:

comments