ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 27 Յուլիսին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ Օհանեան Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի ընկերակցութեամբ շրջագայած է սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ:
«Հայկական երկու հանրապետութիւնների ռազմական գերատեսչութիւնների ղեկավարները հանդիպել են բանակի ղեկավար կազմին եւ զօրամասերի հրամանատարներին, ծանօթացել առաջնային գծում ինժեներական արգելափակոցների համակարգերի, դիտարկման, կրակի վարման եւ ազդանշանային համակարգերի կատարելագործման ուղղութեամբ իրականացուած եւ շարունակուող աշխատանքներին», նշուած է նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Վերջին շրջանին հակառակորդին կողմէ կատարուած մնայուն ոտնձգութիւններուն առնչութեամբ պաշտպանութեան նախարարները անձնակազմին տուած են մեթոտական ցուցմունքներ եւ առաջադրած համապատասխան խնդիրներ:
Սէյրան Օհանեան եւ Մովսէս Յակոբեան մասնակցած են նաեւ Մարտակերտի շրջանի Քոլատակ գիւղին մէջ բարերար Հայկ Մաղաքելեանի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով կառուցուելիք զինուորական աւանի հիմնարկէքի արարողութեան: