«Եւրոպան սկսւում է Լեռնային Ղարաբաղից». Կարէն Միրզոյեան

By Asbarez | Wednesday, 30 July 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր նպատակը Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման հասնիլն է: «Տը Եուրոփիյըն Թայմզ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը։ Ան յայտարարած է, որ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան առաջնահերթութիւններու կարգին է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման ուղղութեամբ դրական միտումներու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններու հետ լաւ յարաբերութիւններու պահպանումը, յատկապէս այն երկիրներուն, ուր հայկական համայնք կայ: «Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեամբ բանակցութիւնների լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը բոլոր փուլերում շատ կարեւոր է: Բանակցութիւնների սեղանին կողմերից մէկի բացակայութիւնը դժուարացնում է իրական առաջընթացի ձեռքբերման գործընթացը», յայտարարած է Միրզոյեան:


Անոր համաձայն՝ Ղարաբաղի ժողովուրդին ջանքերուն շնորհիւ եւ արտերկրի մէջ բնակող հայրենակիցներուն օգնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութիւնը աստիճանաբար կը վերականգնի, եւ հիմա ներդրումներու համար լաւ հեռանկարներ կան: «Ներդրողներին գրաւում են մեր որակեալ աշխատուժն ու բաց, ազատական ներդրումային միջավայրը», նշած է նախարարը:

Կարէն Միրզոյեան յայտնած է, որ յաջորդ տարեվերջին պատրաստ պիտի ըլլայ Մարտակերտը Վարդենիսին կապող ճամբան:
«Ստեփանակերտի օդանաւակայանի վերանորոգումը լրացուցիչ ներդրումային գրաւչութիւն է ապահովելու եւ հզօր խթան է հանդիսանալու երկրում զբօսաշրջութեան զարգացման համար», աւելցուցած է ան։

Նախարարը նաեւ ընդգծած է, որ Ղարաբաղը ո՛չ միայն երկրի, այլ նաեւ այդ հողին վրայ ապրող ժողովուրդին անունն է. մարդիկ, որոնք պայքարած են անկախութեան եւ ազատութեան համար: «Ոմանք ասում են՝ Լեռնային Ղարաբաղն այնտեղ է, որտեղ աւարտւում է Եւրոպան: Մենք ասում ենք՝ այստեղից Եւրոպան սկսւում է», եզրափակած է Կարէն Միրզոյեան:

 


comments