Արցախի ազգային ժողովի ղեկավարները դիրքեր այցելած են

By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ խորհրդարանի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեանը 5 Օգոստոսին այցելած են հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի կարգ մը դիրքեր, զրուցած են բանակի սահմանապահ զինուորներուն, հրամանատարներուն ու այս օրերուն անոնց միացած ազատամարտիկներուն հետ:

Ա. Ղուլեանն ու Ժ. Գալստեանը շնորհակալութիւն յայտնած են հայ սահմանապահներուն՝ իրենց ցուցաբերած մարտական ոգիին ու տոկունութեան համար, ինչպէս նաեւ Արցախի պետական սահմանները վստահօրէն վերահսկելու իրենց պատրաստակամութիւնը մեծապէս գնահատած են։

 


comments