Արցախի նախագահն ու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը տեսակցած են

By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը։ Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։


comments