By Asbarez | Thursday, 29 September 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ իր թեկնածուն, յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Սակայն կուսակցութիւնը տակաւին չէ ընտրած իր թեկնածուն, աւելցուցած է Յովհաննիսեան:
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան դիմում կամ առաջարկ չէ ներկայացուցած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու համար, յստակացուցած է ՀՅԴ պատգամաւորական խումբի ղեկավարը՝ այդ գծով տրուած հարցումի մը պատասխանելով:
Անդրադառնալով ՀԱԿ-իշխանութիւն առկախուած երկխօսութեան՝ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Հայ Ազգային Կոնգրեսը, փաստօրէն, ինքնիրեն ծուղակը ձգած է՝ «քաղաքական բանտարկեալ» հռչակելով «խուլիգանութիւն» յօդուածով կալանաւորուած իր անդամը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ ՄԱԿի մէջ ունեցած ելոյթին մէջ Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն նուիրուած հատուածը՝ Յովհաննիսեան դրական նկատած է: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը վերահաստատած է կուսակցութեան դիրքը այս ուղղութեամբ՝ պահանջելով, որ նախագահը ետ քաշէ իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն:
Յովհաննիսեանի կարծիքով, Հայ-թրքական արձանագրութիւնները վերադարձնելով խորհրդարան՝ Թուրքիա կը փորձէ Հայաստանին պահել «պատանդի» կարգավիճակի մէջ:
«Այս կարճ ժամանակահատուածում, որ Թուրքիան յետ էր կանչել արձանագրութիւնները խորհրդարանից, Հայաստանը պէտք է ճիշդ օգտագործեր ու յետ կանչէր իր ստորագրութիւնը», յայտնած է Յովհաննիսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ