Չեխական ընկերութիւնը Արցախի մէջ անասնապահական մեծ համալիր պիտի կառուցէ

By Asbarez | Tuesday, 19 August 2014

 

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փան Արմինիըն».– Չեխական «Ճենոսըրվիս» ընկերութիւնը կը նախատեսէ Լեռնային Ղարաբաղի Թալիշ գիւղին մէջ անասնապահական մեծ կեդրոն հիմնել: Ընկերութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն Աշոտ Բախշիյեանի հետ եւ քննարկած են նախագիծը:

Հիմնադրամին համաձայն՝ խօսքը արտասահմանեան դրամագլուխով Արցախի մէջ ժամանակակից արհեստագիտութիւններով յագեցած տոհմային անասնապահական մեծ համալիրի շինարարութեան մասին է: Արտասահմանցի նախագծողները այցելութեան ընթացքին տեղացի մասնագէտներուն հետ արդէն ճշդած են վայրը, որ կերի, ջուրի եւ շարք մը կլիմայական գործօններու առկայութեան տեսանկիւնէ կը համապատասխանէ պահանջուող չափանիշներուն:

Ատիկա հանրապետութեան հիւսիսային թեւը գտնուող Թալիշի տարածքն է, որ այս տարի ընդգրկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան տարածաշրջանային զարգացման ծրագիրներուն մէջ: Ծրագիրի առաջին հանգրուանին համաձայն՝ համալիրը պիտի կառուցուի 400 գլուխ «Հոլշտէյն» տեսակի տոհմային անասուններու ժամանակակից պահուածքին համար: Յաջորդ հանգրուանին նախատեսուած է ընդարձակել ծրագիրը՝ միաժամանակ նաեւ կառուցելով կաթի մնայուն արտադրամաս:

Տեղի ունեցած է նաեւ հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ, վարչապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Արցախի մէջ նման գիւղատնտեսական ծրագիրի մեկնարկման առիթով: Ան յստակ ծրագիրներ մատնանշած է՝ համագործակցութեան հետագայ քայլերուն համար, ինչ որ ողջունելի նկատուած է արտասահմանեան գործընկերներուն կողմէ:

 


comments