Արարատը Հայաստանի «Կը Վերադարձուի»

By Մարմարա | Monday, 03 October 2011

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք լրագրող Ֆահրետտին Էօզթոփրաք, «Հապերինիզ» համացանցային լրատուական կայքին վրայ ծանր ամբաստանութիւններ կ՛ընէ «Կիւրպիւզ» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած ցցուն քարտէսի մը կապակցութեամբ, ուր Արարատ (Աղրը) լեռը ցոյց տրուած է Հայաստանի սահմաններուն մէջ։ Ան մտահոգիչ կը համարէ այն իրողութիւնը, որ այս քարտէսը յանձնարարուած է Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան կողմէ։

«Ասիկա դաւաճանութիւն չէ՞», հարց կու տայ լրագրողը՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ կողմէ «այսպիսի սխալ մը իւղ կը քսէ հայոց հարցին. անոնք կը պնդեն, որ Արարատը իրենց կը պատկանի եւ Արարատը յաճախ ցոյց կու տան Հայաստանի սահմաններուն մէջ։ Մինչդեռ Աղրը լերան մէկ մեթրը անգամ Հայաստանի հողերուն վրայ չի գտնուիր»։

comments