Նախագահ Բակօ Սահակեան ՀՅԴ պատուիրակութեան հետ այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ

By Asbarez | Monday, 06 October 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Հոկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ ու հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ղեկավար կազմի խումբ մը անդամներու հետ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:


Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնակցութիւնը Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ՝ նշելով, որ «նման մօտեցում հանդիսանում է մեր հանրապետութեան սոցիալ-տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն գրաւականներից մէկը»:

Նախագահին կ՛ընկերակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


comments