Սէյրան Օհանեան անակնկալօրէն այցելած է սահմանամերձ զօրամասեր

By Asbarez | Monday, 20 October 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 19 Հոկտեմբերին անակնկալօրէն այցելած է երրորդ բանակային զօրամիաւորման ենթակայ սահմանամերձ զօրամասերէն մէկը՝ ընկերակցութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գառնիկ Հայրապետեանի, բանակային զօրամիաւորման հրամանատար, գնդապետ Օննիկ Գասպարեանի եւ այլոց:


Նախարարը շրջագայած է զօրամասին մէջ, զրուցած զինուորներուն հետ, ծանօթացած զօրամասի անձնակազմի ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, ստուգած է զօրամասի կիրակնօրեայ յատուկ օրակարգը եւ ընդհանուր առմամբ ծանօթացած ծառայութեան կազմակերպման առանձնայատկութիւններուն: Ան նաեւ ստուգած է պահակային ծառայութեան կազմակերպումը, տուած է համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

Այցելութիւնը ներառած է նաեւ զօրամասի ճաշարանի բաժին, ուր նախարար Օհանեան կատարած է մաքրութեան-առողջապահութեան պայմաններու ստուգում եւ զինուորներու ճաշացանկին ծանօթացած է։ Ապա ան նախաճաշած է զինուորներուն հետ, հետաքրքրուած է, թէ զինուորները գո՞հ են իրենց յատկացուած սնունդին որակէն, տեսակէն եւ չափէն։

Սէյրան Օհանեան մասնակցած է նաեւ զօրամասին մէջ կազմակերպուած բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման միտուած կիրակնօրեայ նախաձեռնութեան: Պաշտպանութեան նախարարը անձնակազմին ներկայացուցած է զինուած ուժերու յաջողութիւնները, ձեռքբերումներն ու յառաջիկայ ծրագիրները, շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց՝ բարեխղիճ ու անձնուէր ծառայութեան համար, նաեւ օրինակելի վարքի եւ ծառայութեան համար պարգեւատրած է շարք մը սպաներ եւ զինուորներ:

Զօրամաս կատարած այցելութենէն ետք պաշտպանութեան նախարարը այցելած է հարաւարեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած մարտական յենակէտեր, ստուգած է պաշտպանական եւ երկրաչափական կառոյցներու ամրութիւնն ու յուսալիութիւնը: Նախարարը զրուցած է դիրքապահ զինուորներուն հետ, ծանօթացած անոնց պատրաստուածութեան ու անձնակազմին մօտ տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտին:

 


Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարը այցելած է նաեւ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերքաբեր համայք, զրուցած է բնակիչներուն հետ, ծանօթացած է անոնց հարցերուն եւ պատասխանած զանոնք յուզող հարցերէն ծագած հարցումներուն:

 


comments