ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը Քանատա կ՛այցելէ

By Asbarez | Monday, 27 October 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ.– Աշխատանքային այցելութեամբ Քանատա կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:
Նախարարին այցելութիւնը սկսած է Թորոնթօ քաղաքէն, ուր ան այցելած է հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները, համայնքային կառոյցներ եւ դպրոցներ:

Հոկտեմբեր 26ին Կարէն Միրզոյեան մասնակցած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի տարեկան կալա-երեկոյին, ուր արտասանած իր խօսքին մէջ ներկայացուցած է Արցախի ներկայի վիճակը եւ ձեռքբերումները, երկիրի զարգացման նպատակով մշակուած ու գործադրուող ծրագիրները եւ ապագայի հեռանկարները։ Կարէն Միրզոյեան անդրադարձած է նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայի վիճակին:

Խօսելով Արցախի մէջ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան մասին՝ նախարարը դրական գնահատած է տարուած աշխատանքը՝ ընդգծելով, որ ատոր շնորհիւ լուծուած են ենթակառուցուածքային բազմաթիւ հարցեր, կառուցուած են դպրոցներ, մանկապարտէզներ ու համայնքային կեդրոններ:

Քանատա կատարած այցելութեան ընթացքին Կարէն Միրզոյեան շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Օթթաուա եւ Մոնթրէալ քաղաքներուն մէջ։

 


comments