ԹՈՐՈՆԹՕ, ԵՐԵՒԱՆ, «Հորիզոն», «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի Քանատա այցելութիւնը սկիզբ առած է Թորոնթօ քաղաքէն, ուր ան այցելած է տեղւոյն Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցներ:
Հոկտեմբեր 26ին, Միրզոյեան մասնակցած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան հաւաքին, որպէս գլխաւոր բանախօս: Իր ելոյթին մէջ ան ներկայացուցած է Արցախի ներկայ վիճակը:
Խօսելով «Հայաստան» հիմնադրամի արցախեան գործունէութեան մասին՝ նախարարը դրական գնահատած է այդ մէկը, ընդգծելով, որ այդ աշխատանքին շնորհիւ լուծուած են ենթակառուցուածքային բազմաթիւ հարցեր, կառուցուած են դպրոցներ, մանկապարտէզներ ու համայնքային կեդրոններ:
ՀՀ դեսպանութեան հովանիին ներքեւ տեղի ունեցած տարեկան հաւաքին ընթացքին, ելոյթ ունեցած է նաեւ Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, դարձեալ ընդգծելով հիմադրամին տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ Արցախի ընկերային եւ տնտեսական զարգացման գործին մէջ, եւ շեշտելով աշխարհասփիւռ հայութեան ներգրաւման կարեւորութիւնը: Դեսպան Եգանեան ներկայացուցած է նաեւ հայ-քանատական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:
Երեկոյին հաւաքուած աւելի քան կէս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնները պիտի տրամադրուին Արցախի զարգացման ուղղուած շարք մը կարեւոր ծրագիրներու իրագործման: