Նախարար Միրզոյեան Քանատայի մէջ այցելած է Հայկական կառոյցներ

By Asbarez | Monday, 03 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Քանատա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ 30 Հոկտեմբերին այցելած է Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Քանատայի Հայոց թեմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քանատայի թեմի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցիները, Սուրբ Յակոբ եւ Ալեք Մանուկեան վարժարանները, հանդիպումներ ունեցած է համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:


Նոյն օրը Մոնթրէալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած է հանրային հանդիպում, որուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն՝ Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, առկայ խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն, անոնց լուծման ուղիներուն եւ անկախութեան տասնամեակներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի ունեցած ձեռքբերումներուն վերաբերեալ:

31 Հոկտեմբերին Կարէն Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի շարք մը անդամներու հետ: Ան ներկայացուցած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ներկայ հանգրուանը, Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումն ու մօտեցումները կարգաւորման հարցին առնչութեամբ, անդրադարձ կատարուած է Արցախի մէջ ընթացող ժողովրդավարական պետականաշինութեան գործընթացներուն եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ համագործակցութեան հաւանական եղանակներուն ու ձեւերուն մասին:
Այսպիսով Կարէն Միրզոյեան աւարտած է Քանատա կատարած իր այցելութիւնը։

 


comments