Թուրք Դիւանագէտը Հայաստանի Հետ Սահմանը Բանալու Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Monday, 17 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրք դիւանագէտ, Ատրպէյճանի եւ Բրիտանիոյ մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Ունալ Չեւիքոզ «Հիւրրիյէթ»ի մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով հայ-թրքական սահմանը բանալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին։

Ըստ դեսպանին՝ քանի դեռ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորուած չեն, Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման առջեւ լուրջ դժուարութիւններ պիտի ըլլան: Ան Թուրքիա-Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւնները կ՛որակէ «եռակողմ խառնաշփոթ», որուն հետեւանքով՝ «Թուրքիա չի կրնար փակուղիէն դուրս գալու ճամբան գտնել»:

Ըստ դիւանագէտին՝ իր դիրքերը ամրապնդելու համար, Թուրքիա կրնայ նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալ՝ փակուղին յաղթահարելու համար: Այդ մէկը կրնայ ըլլալ Հայաստանի հետ սահմանի բացումը:

Ան կը նշէ, թէ փակ սահմանը վերջին 20 տարիներուն չէ նպաստած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող բանակցութիւններուն եւ չէ կրցած Հայաստանին պարտադրել համաձայնութիւն մը ընդունիլը: «Բաց սահմանը, միւս կողմէ, կրնայ աւելի ազդեցիկ լծակ դառնալ Հայաստանը ճնշելու համար», կը կարծէ Ունալ Չեւիքոզ:

comments