ՀՅԴի Համար Ընդունելի Չեն Քննարկումները Մերժելու Եռեակի Հիմնաւորումները

By Asbarez | Wednesday, 19 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի կարծիքով՝ չորս խորհրդարանական խմբակցութիւններու՝ ՀՅԴի, «Ժառանգութեան», ՀԱԿի ու «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կողմէ մշակուած եւ կառավարութեան ներկայացուած 12 պահանջներուն մէջ չկար որեւէ առաջնահերթութիւն այն գծով, որ կառավարութիւնը անպայման հերթականութեամբ պէտք է այդ կէտերը գործադրէ:

«Որեւէ հերթականութիւն մեզ համար կարեւոր չի եղել, կարեւոր է եղել, որ այդ կէտերը պէտք է կատարուեն ու կատարուեն ամբողջութեամբ: Կատարման ժամկէտի հետ կապուած՝ եթէ մեր գործընկերները փոխել են իրենց մօտեցումները, ապա մենք այդ մօտեցումները չենք կիսում, որովհետեւ գտնում ենք, որ բոլոր կէտերը պէտք է կատարուեն, եւ կարեւոր չէ՝ առաջինը ընտրակարգը կը փոխուի, թէ կուտակայինը կը վերացուի, կամ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հարցը կը լուծուի: Եթէ անգամ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկել ժամկէտների մասով, մենք ասել ենք, որ պատրաստ ենք քննարկել այդ ժամկէտները, որեւէ խնդիր չկայ», դիտել տուած է Մինասեան։

Համամասնական ընտրակարգի անցնելու հարցի գծով Դաշնակցութեան ու ոչ իշխանական եռեակին միջեւ եղած քննարկումներուն անդրադառնալով՝ Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ այդ քննարկումները վաղուց կային, եւ եթէ ոչ իշխանական եռեակը կ՛ուզէ վերաթարմացնել քննարկումները, Դաշնակցութիւնը կրկին որեւէ խնդիր չունի: Սակայն, պատգամաւորին համոզմամբ, ընտրակարգի փոփոխութիւնը, ընդդիմութեան դերակատարութեան ընդարձակումը պէտք է կատարուի սահմանադրական փոփոխութիւններով, որովհետեւ, եթէ փոփոխութիւնը չդառնայ սահմանադրական եզր, ապա որեւէ իշխանութիւն կրնայ որեւէ պահու փոխել, օրինակ, ընտրակարգը:

«Բայց քանի որ ՀԱԿը սկզբունքօրէն դէմ է կառավարման ձեւի փոփոխութեանը, պարզ է, որ սահմանադրական փոփոխութիւնների հետ կապուած համագործակցութեան եզրեր մեզ հետ չեն տեսնում: Բայց եթէ կառավարման ձեւը մենք չենք փոխում, անիմաստ է դառնում իշխանափոխութեան համակարգային ընկալումը: Ամբողջական իշխանափոխութիւն երբեք չի կարող լինել զուտ անձերի փոփոխութեամբ», յայտնած է Արծուիկ Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ կառավարութիւնը ինչո՞ւ որոշեց քննարկումի հրաւիրել՝ 12 պահանջներուն կապուած, պատգամաւորը ըսած է, որ այս քայլին քաղաքական նշանակութիւնը այն է, որ իշխանութիւնը կը փորձէ հասարակութեան առջեւ ծառացած լուրջ խնդիրները իրականացնել միասնական հենքի վրայ, այսինքն՝ կատարել այնպիսի բան, որ ըլլայ քաղաքական ուժերուն եւ հանրութեան փափաքը: Եւ երկրորդ պատճառը, ըստ պատգամաւորին, այն է, որ քննարկումը միտում ունի պարզելու՝ ընդդիմութեան պահանջները ձեւակա՞ն են, թէ ըստ էութեան:

«Եթէ այդ պահանջները ըստ էութեան են, եկէք՝ լուծենք, քննարկենք: Չգիտեմ, թէ իշխանութիւնը ուրիշ ի՞նչ քայլ կարող է կատարել, կամ մտածել ապագայում: Կարող է ձգձգել եւ այլն: Բայց երբ մենք պահանջներ ենք ձեւակերպել եւ էս պահին սկսում ենք հրաժարուել այդ պահանջներից, քանի որ իշխանութիւնն ասում է՝ եկէք, քննարկենք ու լուծենք, Դաշնակցութեան համար ընդունելի չեն մերժման հիմնաւորումները: Կարեւորն այն է, որ այդ խնդիրները լուծուեն: Հակառակ դէպքում ստացւում է, որ նպատակը հետեւեալն էր՝ ձեւակերպել այնպիսի պահանջներ, որ իշխանութիւնը չանի, մենք էլ ասենք՝ դէ ուրեմն՝ հեռացէք», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ անոր՝ եթէ անձերու հեռացման նպատակ պէտք է դրուի, ուրեմն ի սկզբանէ նման ձեւակերպում-պահանջ պէտք էր դնել, բայց եթէ ձեւակերպումները հանրութեան խնդիրները լուծելու մասին են, ուրեմն ի՞նչ կարեւոր է՝ սկիզբը 10րդ կէտը կը լուծուի, թէ առաջինը կամ հինգերորդը։

«Եթէ իշխանութիւնները հրաւիրում են քննարկման հանրութեանը յուզող հարցերի շուրջ, գոնէ պէտք է բարի լինես, գնաս, քննարկես եւ, երբ տեսնես, որ իշխանութիւնը ձեւ է անում, չի ցանկանում լուծել, այդ ժամանակ նոր պէտք է ձեւակերպել իշխանութիւնների հեռացում», ըսած է պատգամաւորը:

comments