By Asbarez | Tuesday, 09 December 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Դեկտեմբեր 7ին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամին (IDeA) կողմէ կայացած է Արցախի Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի տարածքին էկօ գիւղի կառուցման ծրագիրի շնորհահանդէսը՝ մասնակցութեամբ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի եւ այլ պաշտօնատարներու։
Ներկայացնելով ծրագիրի մանրամասնութիւններն ու իրականացման հանգրուանները՝ հիմնադրամին կողմէ հրաւիրուած միջազգային փորձագէտները նշած են, որ անիկա լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման համար՝ այս առումով ներմուծելով նաեւ նոր մշակոյթ: Ըստ ներկայացուածին՝ ծրագիրին էութիւնը կը կայանայ այն երեւոյթին մէջ, որ բնապահպանական առումով մեծ ներուժ ունեցող Արցախի մէջ պիտի ստեղծուին բնական, մաքուր սկզբունքներով աշխատող ժամանակակից ենթակառուցուածքներ՝ զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք ներգրաւելու համար: Ծրագիրի պատասխանատուներուն համաձայն՝ արդէն 2015ին պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները, զորս, ըստ հանգրուաններու, կը նախատեսուի աւարտել քանի մը տարուան ընթացքին:
Նախագիծը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլան համապատասխան որակեալ մասնագէտներ, որոնց ընտրութեան եւ կրթութեան համար հիմնադրամի ներկայացուցիչները յառաջիկայ տարեսկիզբին պիտի հանդիպին հասարակութեան հետ։
Ողջունելով նախաձեռնութեան հեղինակները՝ նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ռուբէն Վարդանեանին՝ Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման իմաստով արտասահմանեան առաջատար մասնագէտներու ներգրաւման եւ ժամանակակից փորձառութեան կիրարկման նպաստելուն համար: Նախագահը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պատրաստ են ամէն ձեւով աջակցելու ծրագիրի իրականացման եւ յաջողութեան:
Նշենք, որ մեր ունեցած հաւաստի տուեալներով՝ նախագիծին արժէքը կը կազմէ շուրջ յիսուն միլիոն ամերիկեան տոլար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ