Սէյրան Օհանեան այցելած է Արցախի մարտական յենակէտեր

By Asbarez | Tuesday, 16 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօր. Մովսէս Յակոբեանի ընկերակցութեամբ, 16 Դեկտեմբերին այցելած է բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտեր:


Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարները ծանօթացած են մարտական հերթապահութիւն կատարողներուն պայմաններուն, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացման ուղղութեամբ ի գործ դրուած երկրաչափական աշխատանքներուն, զինուորական ծառայողներու մարտական պատրաստուածութեան ու բարոյահոգեբանական վիճակին, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած են անոնց առօրեայով եւ կենցաղային պայմաններով:

 


comments