By Asbarez | Thursday, 01 October 2009
ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Մայր աթոռէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Սեպտեմբեր 30ին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով՝ նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ընթացող քննարկումներուն՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.
<<Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ողջունում է Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ առանց նախապայմանների դիւանագիտական կապերի հաստատման եւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացը՝ ի խնդիր տարածաշրջանում անվտանգութեան ապահովման, խաղաղութեան պահպանման եւ համագործակցութեան զարգացման:
<<Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դրական է գնահատում գործընթացի շրջանակներում ծաւալուած համահայկական քննարկումները:
<<Թուրքիայի հետ մեր ժողովրդի պատմական դառը փորձառութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցում Թուրքիայի մերժողական քաղաքականութեան, Հայաստանի հանրապետութեան նկատմամբ դրսեւորած անհանդուրժող կեցուածքի, ինչպէս եւ՝ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների նախաստորագրուած արձանագրութիւններում տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնների տեղիք տուող բանաձեւումների եւ գործընթացի հետ կապուած թուրքական կողմի հնչեցրած անընդունելի յայտարարութիւնների համատեքստում, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը բնական եւ հասկանալի է համարում Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում բնակուող հայորդիների մտահոգութիւնները: Այս համատեքստում Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը վերահաստատում է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անվիճարկելի իրողութիւն է, ինչպէս եւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութեան եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Մեր ժողովուրդը եւ հայրենի իշխանութիւնները երբեք չեն հրաժարուի հետապնդելու եւ պաշտպանելու մեր ազգային արդար իրաւունքները:
<<Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յորդորում է ազգի բոլոր զաւակներին դրսեւորել առաւելագոյն իրատեսութիւն եւ շրջահայեացութիւն, որպէսզի խուսափենք ազգավնաս բեւեռացումներից եւ միաբանութեան մէջ դիմագրաւենք մեր ժողովրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
<<Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը Տիրոջ զօրակցութիւնն ու Սուրբ Հոգու առաջնորդութիւնն է հայցում Հայաստանի հանրապետութեան իշխանութիւններին, որպէսզի բարեյաջող հանգրուանի առաջնորդեն հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացը՝ յանուն մեր ժողովրդի նուիրական ու կենսական շահերի>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ