Ըստ Տաւութօղլուի՝ Սահմանները Բանալու Հարցը Տակաւին Քննելի Է

By Asbarez | Thursday, 01 October 2009

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի օր, Նիւ Եորքի մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուին նախքան Հոկտեմբեր 14ին կայանալիք ֆութպոլի մրցումը, սակայն սահմաններու բացման հարցը տակաւին քննելի է:

Սահմանները նոյնիսկ մէկ օրով բանալու առաջարկը, որ կրնայ դիւրացնել նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիա այցելութիւնը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաւաքականներու ֆութպոլի մրցումին ներկայ գտնուելու նպատակով, ըստ Տաւութօղլուի, <<Պէտք է քննուի ընդհանուր գործընթացի քննարկումներու ծիրէն ներս եւ ըստ այնմ որոշում կայացուի>>:

Տաւութօղլուի ասուլիսը ներկայացնող <CNN-Turk>ի հաղորդումին համաձայն, թուրք դիւանագէտը յայտնած է, թէ <<Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը շարունակուի անկախ այն իրողութենէն, թէ՝ Սերժ Սարգսեան պիտի երթա՞յ Թուրքիա, թէ ոչ>>:

Տաւութօղլու նաեւ ընդգծած է, թէ <<Արձանագրութիւններու ստորագրումն ու անոնց վաւերացումը՝ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, երկու տարբեր խնդրիներ են>>:

comments