By Asbarez | Saturday, 03 October 2009

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>>, <<Մարմարա>>.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Կիւլ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի մրցումը դիտելու նպատակով Թուրքիա այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
<<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>> կայանը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը, նախքան Նախիջեւանի մէջ թրքախօս երկիրներու ղեկավարներու գերաստիճանին մեկնիլը, լրագրողներուն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահը ներկայ պիտի ըլլայ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի հանդիպման։ <<Ֆութպոլը ազնիւ խաղ է։ Անձամբ ես, ֆութպոլի հանդիպման համար մեկնելով Երեւան՝ Հայաստանի պաշտօնատարներուն առջեւ ոչ մէկ նախապայման դրած եմ>>, աւելցուցած է ան:
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին, Կիւլ Թուրքիոյ խորհրդարանի նստաշրջանի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ խօսած է բազմաթիւ հարցերու մասին, որոնց շարքին նաեւ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին։ Ան նշած է, որ <<Թուրքիան չի հրաժարիր քաղաքական նախաձեռնութենէն, զոր ուղղուած է տեւական խնդիրներու լուծման, ինչպիսին է, օրինակ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը>>։
Կիւլ նաեւ ըսած է, որ հարեւան երկիրներու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալը Թուրքիոյ կամքն է՝ անուղղակիօրէն հերքելով ընդդիմութեան այն պնդումները, թէ այդ գործընթացը դուրսէն պարտադրուած է:
Կիւլ իր ելոյթին ընթացքին մեծ մասամբ շեշտը դրաւ քիւրտերու հարցով կառավարութեան որդեգրած <<ժողովրդավարական բացուածք>> քաղաքականութեան վրայ: Ան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ բնակչութեան միջեւ առկայ ցեղային, մշակութային կամ այլ տարբերութիւններէն վախցողները չեն կրնար իրականացնել Աթաթիւրքի առաջադրած նպատակները: <<Ժողովրդավար պետութիւն մը չի կրնար այդ տարբերութիւնները հալեցնել մէկ կաղապարի մը մէջ>>, նշեց ան՝ միաժամանակ զգուացնելով բոլոր անոնք, որոնք նման տարբերութիւններ կը փորձեն շահագործել ներքին հարցեր հրահրելու նպատակով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ