ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛աջակցի փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն

By Asbarez | Friday, 30 January 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.– 1 Փետրուարին ուժի մէջ պիտի <<Շրջանառութեան հարկի մասին>> նոր օրէնքը: Արդէն օրերէ ի վեր Փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու (ՓՄՁ) ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կը կատարեն կառավարութեան շէնքին առջեւ՝ պահանջելով կասեցնել օրէնքը: Օրէնքին, տեղի ունեցող ցոյցերուն, ինչպէս նաեւ այս գծով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերուն մասին <<Երկիր>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին արտայայտուած է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը:


Վարդանեան նախ յիշեցուցած է, որ <<Շրջանառութեան հարկի մասին>> օրէնքին վերաբերեալ ՀՅԴին տեսակէտները վաղուց յստակ են: Ազգային ժողովին մէջ օրէնքի բոլոր քննարկումներուն ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութիւնը յստակ արձանագրած է այն վտանգները, որոնք կրնար հարցեր ստեղծել տուեալ ձեռնարկութիւններուն համար:

ՀՅԴ խմբակցութիւնը տակաւին այն ատեն հանդէս եկած է յստակ առաջարկներով եւ օրէնքին թեր չէ քուէարկած։

<<Որո՞նք են եղել մեր առաջարկութիւնները: Առաջին՝ 58.3 միլիոնի շեմը բարձրացնել մինչեւ 150 միլիոն: Երկրորդ՝ կիրառել պրոգրեսիւ հարկման մեխանիզմ, այսինքն, օրինակ, մինչեւ 30 մլն շրջանառութիւն ունենալու դէպքում կիրառել 0 դրոյքաչափ, աւելի բարձրի դէպքում՝ մէկ տոկոս եւ այլն: Բայց սա միայն փաստաթղթաւորուած ապրանքների պարագայում: Ոչ փաստաթղթաւորուածի դէպքում կիրառել աւելի բարձր դրոյքաչափ, որպէսզի ՓՄՁն շահագրգռուած լինի փաստաթղթաւորել ապրանքները: Եւ մեր չորրորդ առաջարկութիւնը՝ որ լինի փուլային տարբերակ:

Ցաւօք, մեծամասնութիւնը, միւս քաղաքական ուժերը չեն պաշտպանել մեր առաջարկութիւնները, որոնք, համոզուած եմ, կը բաւարարէին ՓՄՁներին: Նաեւ կառավարութիւնը պարտաւոր է գործնական քայլերով հարկադրել խոշոր բիզնեսին՝ փաստաթուղթ տրամադրել: Մենք ծրագրում ենք հէնց Երկուշաբթի՝ նոր նստաշրջանի սկզբում, թարմացնել մեր առաջարկութիւնները եւ ներկայացնել օրէնսդրական նախաձեռնութեան տեսքով: Եւ այդ ժամանակ պարզ կը լինի, թէ ովքեր են խնդիրը լուծելու իրական կողմնակիցները:

Մեր մօտեցումը միշտ յստակ է՝ գործնական, կոնկրէտ աշխատանքով լուծել խնդիրը, աջակցել ՓՄՁներին, որ նրանք կարողանան աշխատել, ապահովել իրենց ընտանիքի ապրուստը, այլ ոչ թէ արտագաղթեն: Ամբոխավարութեամբ, մարդկանց ցուցադրաբար սիրաշահելով քաղաքական շահ հետապնդելը մեր ձեռագիրը չէ>>, հաստատած է Աղուան Վարդանեանը:

 

 


comments