ԱԺ պատգամաւորներու խումբը բերձորի դէպքը քննարկելու համար պիտի երթայ Լեռնային Ղարաբաղ

By Asbarez | Monday, 02 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ պիտի կազմուի խորհրդարանականներու խումբ մը, որ պիտի մեկնի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ Բերձորի միջադէպը քննարկելու համար:


Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը: <<Ես զրուցել եմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի նախագահի հետ: Այնտեղ մեր պատգամաւորները կ՛արժանանան պատշաճ ընդունելութեան, կը ստանան իրենց յուզող հարցերի պատասխանները>>, նշած է Սահակեան՝ աւելցնելով, որ խումբին մէջ պիտի ներառուին իւրաքանչիւր խմբակցութենէ մէկական ներկայացուցիչ:

Գալուստ Սահակեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ քննարկման ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորները առաջարկած են ստեղծել Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողով, որ այդ հարցով պիտի զբաղի: <<Ես ժամանակաւոր յանձնաժողովի ստեղծումը նպատակայարմար չեմ համարում: Մենք ունենք միջխորհրդարանական յանձնաժողով, որի շրջանակներում էլ կը ձեւաւորուի խումբը>>, դիտել տուած է Գալուստ Սահակեան:

Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ յայտնած է, որ Բերձորի միջադէպի գծով հետապնդում կը կատարէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դատախազութիւնը:
Բերձորի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մանրամասնութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ քննարկելու համար պատգամաւորական խումբ ձեւաւորելու առաջարկով հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան:

 

comments