Նախագահ Սահակեան յանձնարարած է ծառայողական քննութիւն կատարել Բերձոր դէպքին գծով

By Asbarez | Tuesday, 03 February 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Փետրուարին գլխաւորած է խորհրդակցութիւն մը՝ 31 Յունուարին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ, Քաշաթաղի շրջանի հատուածին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչուած հարցերու քննարկման վերաբերեալ։


Զեկոյցներով հանդէս եկած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արշաւիր Ղարամեանը եւ ոստիկանութեան պետ Կամօ Աղաջանեանը:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ <<Հիմնադիր խորհրդարան>>ի անդամներուն կողմէ դէպի Արցախ ինքնաշարժներու երթ կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը ի սկզբանէ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր Արցախի հասարակութեան տարբեր հատուածներուն կողմէ: <<Ունենալով հաւաստի տուեալներ երթը կասեցնելու համար Քաշաթաղի շրջան հարիւրաւոր մարդկանց մեկնելու մասին՝ ոստիկանութիւնը հասարակական կարգը պահպանելու եւ հնարաւոր բացասական զարգացումները կանխելու նպատակով ստիպուած էր իրականացնել համապատասխան միջոցառումներ: Իրադարձութիւնների զարգացումը, ցաւօք, ունեցաւ ոչ ցանկալի հետեւանքներ: Դժբախտաբար, հնարաւոր չեղաւ խուսափել անկարգութիւններից եւ բախումներից, ինչն ստացաւ հանրային հնչեղութիւն>>, յայտնած է ան:
Այս պարունակին մէջ երկրի ղեկավարը յանձնարարած է ոստիկանապետին՝ կատարել մանրակրկիտ ծառայողական քննութիւն տեղի ունեցած միջադէպին վերաբերեալ եւ արդիւնքներուն մասին զեկուցել հանրապետութեան նախագահին անհրաժեշտ եզրայանգումներուն համար: Խորհրդակցութեան մասնակցած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

 


comments