Հազար Դաշնակցականներ զօրակցական այցելութիւն պիտի տան Արցախ

By Asbarez | Wednesday, 25 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շուրջ 1000 անդամներ պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է ՀՅԴի Գերագոյն մարմինը:


ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան կը յայտնէ, որ շուրջ 1000 դաշնակցականներ 27 Փետրուարին երկօրեայ այցելութեամբ Արցախ պիտի երթան՝ զօրակցութիւն արտայայտելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, սահմանը պաշտպանող զինուորներուն: Այցելութիւնը կը զուգադիպի Սումգայիթի ջարդերու տարելիցին, եւ դաշնակցական մեծաթիւ պատուիրակութիւնը իր յարգանքի տուրքը պիտի տայ հայ նահատակներուն:

Արցախ մեկնողներու շարքին պիտի ըլլան ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի պատասխանատու անձինք, ազատամարտիկներ. նախատեսուած է հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ երկրի ղեկավար անձնակազմին հետ: Նախատեսուած են նաեւ այցելութիւններ զօրամասեր եւ սահմանի առաջնային դիրքեր:

comments