By Asbarez | Friday, 27 February 2015

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - 27 Փետրուարին ՀՅԴի Գերագոյն մարմնին կողմէ կազմակերպուած դէպի Լեռնային Ղարաբաղ զօրակցական երթին մասնակիցները՝ մօտ 1200 հոգի, կանգ առին Քաշաթաղի Բերձոր շրջանին մէջ: Հիւրերը դիմաւորեցին ՀՅԴի Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Քաշաթաղի կոմիտէի անդամները: Տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Հիւրերը ողջունեցին ՀՅԴի Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ասկերանի քաղաքապետ Ալեօշա Գաբրիէլեանը եւ ՀՅԴ Քաշաթաղի <<Միջնաբերդ>> կոմիտէի ներկայացուցիչ Արին Գալստեանը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեանը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Արցախի մէջ բազմաթիւ կատարելիք աշխատանքներ կան, եւ պատուախնդրութեամբ պիտի իրականացնեն ուխտագնացութիւնը:
<<Արցախում եղել ենք պատերազմի տարիներին, եղել ենք հազարներով, ազատագրել ենք մեր հայրենիքը, շատ զոհեր ենք ունեցել, եւ Ղարաբաղը սրբութիւն է մեզ համար: Արցախը մեր գերխնդիրն է. հայկական իրականութեան մէջ կան կարմիր գծեր, որոնք ոչ մէկը խախտելու իրաւունք չունի, այդ գծերից է նաեւ Արցախը>>, հաստատեց ան:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն Իգոր Սարգսեանը տեղեկացուց, որ երթին կը մասնակցին Հայաստանի բոլոր մարզերու, Երեւանի եւ Ջաւախքի ՀՅԴի կազմակերպութիւններու անդամներ: Անոր համաձայն՝ նախատեսուած է Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ զօրամասեր:
Առաջին օրը Ստեփանակերտի մէջ պիտի կատարուի մոմավառութիւն: Յաջորդ օրը պիտի կատարուին ուխտագնացութիւններ, երթին մասնակիցները պիտի այցելեն Շուշի եւ իրականացնեն տարբեր նախաձեռնութիւններ։
Գեղարքունիքի մարզի Կեդրոնական կոմիտէ անդամ Էդուարդ Ասլանեանը կարեւոր նկատեց նման միջոցառում՝ նշելով, որ երթին մասնակիցներէն շատեր Արցախեան պատերազմի ազատամարտիկներ են:
Մօտ մէկ ժամ տեւած ընդունելութենէն ետք ուխտագնացները ուղղուեցան Ստեփանակերտ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ