By Asbarez | Friday, 06 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին մէջ 6 Մարտին կայացած է ոստիկանութեան կարգապահական յանձնաժողովի նիստ։ Քննարկուած են 31 Յունուար 2015ին «100ամեակը առանց ռեժիմի» շարժման կողմէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ինքնաշարժերու երթին ընթացքին հասարակական կարգի պահպանութեան մէջ ներգրաւուած ոստիկաններուն կողմէ կատարուած կարգապահական կոպիտ խախտումները: Ճշդուած է, որ շուրջ 25 ոստիկաններ կարգապահական խախտումներ կատարած են, իսկ անոնցմէ 10ն հաւանական է, որ աշխատանքէ արձակուին։
Այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութիւնը: Անոր մէջ նշուած է.
<<Յանձնաժողովի աշխատանքներին ներգրաւուած էին ոստիկանութեան երեք եւ մէկական ներկայացուցիչներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ Արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմերից: Յանձնաժողովը ղեկավարում էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Անդրանիկ Յակոբեանը:
Մանրակրկիտ վերլուծութեան ենթարկելով ծառայողական քննութեան ընթացքում ձեռք բերուած բոլոր ապացոյցները՝ յանձնաժողովը որոշեց միջնորդել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետին՝ ոստիկանութեան 25 ծառայողների ըստ իրենց թոյլ տուած կարգապահական խախտումների բնոյթի եւ ծանրութեան աստիճանի ենթարկել համապատասխան տոյժերի:
Յանձնաժողովի որոշման համաձայն՝ ոստիկանութեան 10 ծառայողներ ենթակայ են ոստիկանութիւնում ծառայութիւնից ազատման, 9ը՝ խիստ նկատողութեան, իսկ 6ը՝ նկատողութեան>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ