ՀՅԴ թեկնածուներուն հանդիպումը ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան անձնակազմին հետ

By Asbarez | Wednesday, 01 April 2015

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - 1 Ապրիլին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատգամաւորական թեկնածուներուն հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարութեան անձնակազմին հետ:


Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ թեկնածուներ Արթուր Աղաբեկեան, Գէորգի Պետրոսեան եւ Վահրամ Բալայեան:

<<Ամէն մի կուսակցութիւն ունի իր անցած ուղին՝ կենսագրութիւնը: Այդ կենսագրութեանը համարժէք էլ պէտք է կարողանաք ամէն մի կուսակցութեան գնահատական տալ եւ ըստ այդմ որոշել, թէ ում կը վստահէք>>, իր խօսքին մէջ յայտնեց Վահրամ Բալայեան եւ շեշտեց, որ ՀՅԴն միշտ գտնուած է իրեն ծնած ժողովուրդին կողքին, ապրած է ժողովուրդին հոգերով եւ խնդիրներով: <<ՀՅԴն եւ Արցախը դաշնակիցներ են>>, շեշտեց ան՝ առաջարկելով միացեալ աշխատանք տանիլ Դաշնակցութեան հետ՝ յանուն արժանավայել ապագայի:

Արթուր Աղաբեկեան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրի դրոյթները եւ մատնանշեց այն կարեւոր դրոյթները, որոնց լուծում կրնայ տալ միայն ու միայն Դաշնակցութիւնը: <<Ընտրէք ոչ թէ անձերին, այլ՝ գաղափարները, ընտրէք ծրագրերը>>, կոչ ուղղեց Ա. Աղաբեկեան:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Գէորգի Պետրոսեան՝ կարեւոր նկատելով Արցախի կայացման գործին մէջ ամուր պետականութիւն, զարգացած տնտեսութիւն, հզօր բանակ ու արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ յաջողութիւններ ունենալու հանգամանքը:

 


comments