By Asbarez | Thursday, 08 October 2009

Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, օրաթերթին մէջ, Հոկտեմբեր 7ին հրապարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնող արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուին Հոկտեմբեր 10ին, եթէ Հայաստան արձանագրութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ չպահանջէ։ Ան յայտնած է, որ ինք որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ այդ արձանագրութիւններու ստորագրման առջեւ։
<<Մենք միշտ մեր խօսքը կը յարգենք։ Այդ հարցով արդէն աշխարհը համոզուած է եւ դեռ անգամ մը եւս կը համոզուի>>, ըսած է ան։
<<Մեր արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն կը պատրաստուի Հոկտեմբեր 10ին իր հայ գործընկեր Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ստորագրելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու երկու նախաստորագրուած արձանագրութիւնները>>, յայտարարած է ան եւ ընդգծած, որ եթէ նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չըլլայ, ապա թրքական կողմը պատրաստ է ստորագրելու զանոնք։
<<Մենք նաեւ կը փափաքինք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ներկայացուցիչները ներկայ գտնուին փաստաթուղթերու ստորագրման։ Եթէ ֆրանսացի ներկայացուցիչը ներկայ չըլլայ, հարկ է, որ այնտեղ ըլլան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները։ Բացի ատկէ, այս ծիրին մէջ շատ կարեւոր է Մոլտովայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Ճիշդ է՝ հայերը կ՛ըսեն, թէ մէկը միւսին հետ կապուած չէ, սակայն իրականութեան մէջ ատիկա այդպէս չէ։ Վերջերս հայկական Սփիւռքին հետ հանդիպումներուն եւ իր միջազգային շրջագայութեան ընթացքին, Հայաստանի ղեկավարը հանդիպեցաւ անոր հակազդեցութեան։ Շատ կարեւոր է, թէ ան ի՞նչ պիտի ընէ Սփիւռքի դիրքորոշման հետ։ Եթէ ան հաստատակամութիւն ցուցաբերէ եւ պարզուի, որ երկրի արտաքին քաղաքականութեան ընթացքը կ՛որոշեն նախագահն ու կառավարութիւնը, այլ ոչ թէ Սփիւռքը, այն ժամանակ ալ մենք մէկ քայլ առաջ կը կատարենք։ Մեր կողմէն որեւէ խնդիր չկայ։ Հերթը Հայաստանի կառավարութեանն է>>, յայտարարած է Էրտողան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Թուրքիոյ խորհդրարանը ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ արձանագրութիւններու վաւերացման, Էրտողան յայտարարած է. <<Կ՛ըլլայ այնպէս, ինչպէս բոլոր ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ. կառավարութիւնը վաւերացման համար փաստաթուղթերը կը փոխանցէ խորհրդարանին, իսկ անոր անդամները գաղտնի քուէարկութեան միջոցով կը քուէարկեն այնպէս, ինչպէս իրենց խիղճը կը թելադրէ>>։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը բացարձակապէս կախեալ չէ անկէ, թէ Քիշինեւի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը ի՞նչ արդիւնք կ՛ունենայ։ <<Սակայն, անշուշտ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ դրական զարգացումները դրականօրէն կ՛ազդեն նաեւ հայ-թրքական մերձեցման գործընթացին վրայ>>, յայտարարած է ան։
<<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութիւնը եւս, իր տեղեկութիւնները թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարէ մը քաղելով՝ Չորեքշաբթի օր կը հաղորդէ, թէ ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զիւրիխի մէջ, Հոկտեմբեր 10ին, միաժամանակ նշելով, թէ սփիւռքահայութեան կտրուկ ընդդիմութիւնը նեղ կացութեան մատնած են Հայաստանի իշխանութիւնները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ