Արձանագրութիւնները Կը Հաստատեն <Լօզան>ով Ընդունուած Սահմանները

By Asbarez | Thursday, 08 October 2009

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ ինք <<կասկած չունի>>, որ Հայաստան եւ Թուրքիա պիտի ստորագրեն իրենց միջեւ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները։

Կը նախատեսուի, որ Անգարա եւ Երեւան արձանագրութիւնները ստորագրեն Շաբաթ օր, Ցիւրիխի մէջ, սակայն ազդու հայկական Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան ճնշումներուն պատճառով դիւանագիտական շրջանակներու մէջ կասկածներ յառաջացած էին ստորագրութեան արարողութեան կայացման շուրջ։

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ արձանագրութիւնները շաբաթ օր պիտի ստորագրուի՞ն, Տաւութօղլու ըսած է. <<Որեւէ թուական չեմ տար։ Սպասենք զուիցերիացիներու յայտարարութեան։ Իբրեւ Թուրքիա, մենք կասկած չունինք, որ արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուին>>։

<<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ մերձեցումը Ատրպէյճանի շահերուն վնաս պիտի չհասցնէ։ <<Մենք չենք մասնակցիր որեւէ նախագիծի, որ կրնայ Ատրպէյճանին վնաս հասցնել>>, ըսած է ան։

Միւս կողմէ, <<Հիւրրիյէթ>> կը հաղորդէ, թէ Լօզանի դաշնագիրին ու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեան նմանութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ կարելի չէ երկուքը իրարու հեր բաղդատել, որովհետեւ նոր համաձայնութիւնը կ՛առնչուի երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջանքերուն: Սակայն, ան ընդունած է, թէ ստորագրուելիք արձանագրութիւնները պիտի հաստատեն Լօզանի դաշնագիրով ընդունուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անտրէյ Նեսթերնքօ Հինգշաբթի օր յայտնեց, թէ Ցիւրիխի մէջ Շաբաթ օր ստորագրուելիք արձանագրութիւնները պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարիդրացիական կապերու հաստատման, շրջանային լարուածութեանց մեղմացման եւ երկկողմանի առեւտուրի բարելաւման:

comments