By Asbarez | Monday, 27 April 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ լայնածաւալ նախաձեռնութիւններով ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, այդ պատճառով ալ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան չմասնակցեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող արարողութիւններուն։ Յատկանշական է, որ Արցախ կը գտնուէր նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան՝ արցախցիներուն հետ յիշատակելու Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Եռագոյնի առաջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարներն ու միւս արցախցիները ուղղուեցան դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Պահանջը յստակ էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու դատապարտում:
Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ <<Անլռելի Զանգակատուն>> յուշակոթողին։
18 մեթր բարձրութեամբ այս կոթողը պիտի յիշեցնէ, որ արդարութիւնը պիտի չլռէ. <<աշխարհի լռութիւնը կը կոտրենք մեր ձայնով>>:
<<Թէեւ Ցեղասպանութիւնն ամբողջ աշխարհում ճանաչուած չէ, սակայն մեր ժողովրդի միասնականութիւնը, մարտունակ բանակն ու Հայաստան-Սփիւռք եւ Արցախ անսասան եռամիասնութիւնն ի վերջոյ կը պարտադրեն արդար հատուցումը>>, հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան յուշահամալիրին մէջ կատարեց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութիւնը:
<<Անլռելի զանգակատան>> կառուցման վայրը պատահականօրէն չէ ընտրուած, այլ հոն ամփոփուած են Արցախի պատերազմին, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին զոհուածներուն, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրէն բերուած մասունքներ։
<<Մենք պէտք է պաշտպանենք մեր արդարութիւնը, քանի որ արդարութիւնն էլ պաշտպանների կարիքն ունի>>, յայտնեց թեմի առաջնորդը:
Թէեւ 24 Ապրիլին Երեւանի մէջ համախմբուած էր համայն հայութիւնն ու օտար հիւրեր, սակայն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան իր պարտքը նկատեց Ստեփանակերտ գտնուիլը. <<Ցանկացայ այս օրն Արցախում լինել մի քանի նպատակով: Ողջ ուշադրութիւնն այսօր կենտրոնացուած է Երեւանի եւ Ցեղասպանութեան վրայ, ու դա ճիշդ է: Այդպէս էլ պէտք է լինէր: Բայց չպէտք է մոռանանք, որ մենք Արցախ ունենք եւ այն մեր գերխնդիրն է: Վաղուայ օրը մենք անելիք ունենք Արցախի համար>>, ըսաւ Հրանտ Մարգարեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ