Ընթացք առին Շուշիի ազատագրութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները

By Asbarez | Saturday, 09 May 2015

0509Shushi3

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>.– 8 Մայիսին՝ Յաղթանակի 70ամեակին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ հայկական երկու հանրապետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելած եւ ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած են Շուշի քաղաքի հրետանի-յուշարձանի պատուանդանին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Խորհրդային հերոս Նելսոն Ստեփանեանի յուշարձաններուն:


Նախագահին կ՛ընկերակցէին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հիւրեր Սփիւռքէն եւ արտերկրէն:
Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան Շուշիի արուեստի կեդրոնին մէջ դիտած է <<Շուշիից Շուշի>> լուսանկարներու ցուցահանդէսը, մասնակցած քաղաքի մարզական հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնական համերգին ու ցուցահանդէս-տօնավաճառին:

Աւելի ուշ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ 9 Մայիսը բնութագրած է որպէս մեր ժողովուրդի ամէնէն արժէքաւոր ու նուիրական տօներէն մէկը, որ կը հանդիսանայ մեր փառաւոր յաղթանակներու մարմնացումն ու խորհրդանիշը: Ան նշած է. <<Այս տօնը հնարաւոր է դարձել նաեւ մեր ժողովրդի նուիրումի ու խիզախութեան, հայրենասիրութեան ու անձնազոհութեան շնորհիւ, թափած արեան ու կրած զրկանքների գնով: Մենք հպարտանում ենք մեր հայրերի ու պապերի, մեր նորօրեայ հերոսների քաջագործութիւններով ու սխրանքով եւ ափսոսում ենք, որ այսօր այս ուրախութիւնը մեզ հետ չեն կիսում մեր ժողովրդի բազմաթիւ նուիրեալ զաւակները>>, շեշտած է նախագահ Սահակեան:

Ան ընդգծած է, որ արցախցին իր հերոսական ոգիով ու հաստատակամութեամբ այսօր եւս կը շարունակէ կառուցել հայրենի երկիրը, զօրացնել բանակը, ապահովել պետութեան անվտանգութիւնը, զարգացնել տնտեսութիւնը: <<Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ միասին մենք այսուհետ էլ կ՛անենք հնարաւորը Արցախը շէնացնելու եւ նրա յուսալի ապագան կերտելու ուղղութեամբ>>, յայտնած է Բակօ Սահակեան:

Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ մայիսեան Եռատօնին ընդառաջ Արցախէն, Հայաստանէն եւ Վրաստանէն շուրջ 180 երիտասարդներ երեք ուղղութիւններով քայլարշաւ կատարած են դէպի բերդաքաղաք Շուշի:

Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գայիանէ Գրիգորեան նշած է, որ Ստեփանակերտ-Շուշի, Կրկժան-Շուշի, Շոշ-Շուշի ուղղութիւնները ընտրուած են այնպէս, ինչպէս 22 տարի առաջ հայ մարտիկները ազատագրած են հայկական պատմական Շուշին:

<<Ծրագրի նպատակն է երիտասարդների ռազմահայրենասիրական դաստիարակումը, օրուայ խորհրդի բացայայտումը, երիտասարդութեան համախմբումը, ինքնագիտակցութեան բարձրացումը, վաղուայ յաղթական օրուայ հանդէպ հաւատի ներշնչումը>>, նշած է Գ. Գրիգորեան:

Արշաւը՝ սկսելով Ստեփանակերտէն, մասնակիցները նախ յաղթահարած են պայքարի ճանապարհը, այնուհետեւ Շուշիի մատոյցներուն մէջ իւրաքանիւր խումբ, դրօշի մէկական գոյն ծածանելով, հասած են բերդաքաղաքի սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի անուան հրապարակ, ուր դրօշի գոյները միացնելով, երիտասարդները վերականգնած են հայոց Եռագոյնը:

 


comments