By Asbarez | Tuesday, 29 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան <<Երկիր>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է սահմանային լարուածութեան: Անոր համաձայն՝ մեր երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններն ալ համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած են, եւ այդ յայտարարութիւններուն պէտք է հետեւին համապատասխան գործողութիւններ:
<<Կարծում եմ՝ այդ յայտարարութիւնները նուազագոյնն են, որոնցով նաեւ իրազեկում ենք միջազգային հանրութեանը եւ շահագրգիռ կողմերին: Խօսքը, մասնաւորապէս, վերաբերում է համանախագահող կողմերին, ովքեր այս օրերին փորձում են կազմակերպել նախագահների եւ արտգործնախարարների մակարդակով հանդիպումներ>>, նշած է Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ հակառակորդին վերջին օրերու աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է յատկապէս տեղի ունենալիք հանդիպումներով:
<<Տարբեր առիթներով այդ լարուածութիւնն աւելի էր սրւում ու թէժանում, բայց կարծում եմ, որ հենց այդ հանդիպումների ֆոնին է այն ուժեղանում: Սակայն հայկական կողմը միշտ էլ կարողանում է համարժէք պատասխաններ տալ>>, յայտարարած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ