By Asbarez | Thursday, 01 October 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ, Սեպտեմբեր 30ին տեղի ունեցած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի 2րդ նստաշրջանի առաջին նիստը: Նախքան օրէնսդրական աշխատանքներու անցնիլը, պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են վերջին օրերուն՝ ատրպէյճանական զինուժին կողմէ ՀՀ Տաւուշի մարզի գիւղերուն եւ ԼՂՀ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հրետակոծման հետեւանքով զոհուած քաղաքացիներուն եւ զինուորներուն յիշատակը:
ԱԺ նախագահը նշած է, որ հրադադարը խախտելու եւ հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը սրելու Պաքուի արկածախնդրութիւնը՝ «վերջին օրերուն դրսեւորուել է աննախադէպ լկտիութեամբ»: Ան ընդգծած է, որ պարբերական զգուշացումներն ու ահազանգները՝ միջազգային հանրութեան, ՄԱԿին, ԵԱՀԿին եւ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ, բաւարար ընկալման չեն արժանանար, ինչի հետեւանքով Պաքուի գործողութիւնները աւելիով կը մօտենան վտանգաւոր եզրագիծի:
ԱԺ նախագահը խորհրդարանին անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն ու հրամանատարական կազմին, որոնք «ամէն օր խիզախում են առաջնագծում՝ իրենց գործողութիւններով զսպելով հակառակորդի սանձարձակութիւնները»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ