By Asbarez | Thursday, 01 October 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>.- Սեպտեմբեր 30ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Երեւանի մէջ հանդիպած է Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իւան Վոլինքինի հետ, ՌԴ դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդի հաւատարմագրման առթիւ: Շնորհաւորելով ռազմական կցորդը՝ նախարար Օհանեան մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդման գոծին:
Ռուսիոյ դեսպանին խնդրանքով՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը տեղեկութիւններ փոխանցած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին մասին: Ան նշած է, որ վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմէն իրավիճակի սրման, մեծ տրամաչափի զինատեսակներու եւ մանաւանդ հրետանիի կիրառման ու խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծման պայմաններով, Հայաստանի զինուած ուժերուն եւ ԼՂՀ պաշտպանական բանակին <<այլ բան չի մնում, քան՝ դիմելու ռազմական եւ ռազմաքաղաքական այնպիսի գործողութիւնների, որոնք հակառակորդին կը ստիպեն հրաժարուել ուժի կիրառման մտադրութիւններից, կը թօթափեն անպատժելիութեան եւ սեփական գերազանցութեան պատրանքը եւ նրան կը վերադարձնեն խաղաղ բանակցային սեղանի շուրջ>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ