Նախագահ Սահակեան այցելեց Արցախի մէջ կառուցուող Մատենադարանը

By Asbarez | Tuesday, 20 October 2015

1020madenataran

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 19 Հոկտեմբերին այցելած է Գանձասարի վանական համալիրին կից կառուցուող Մատենադարանի շէնք եւ ծանօթացած տարուած աշխատանքներուն։


Երկրի ղեկավարը հոն հանդիպում ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի՝ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ հաստատութեան խումբ մը գիտաշխատողներու ու մասնագէտներու հետ:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ աշխատանքները արդէն թեւակոխած են վերջնական հանգրուան, եւ շուտով աշխատելու պիտի սկսի այս կարեւոր գիտամշակութային կեդրոնը։

Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէնին եւ աշխատակիցներուն՝ մնայուն աջակցութեան համար՝ նշելով, որ առանց անոնց բարձր մասնագիտական եւ հայրենանուէր գործունէութեան անկարելի պիտի ըլլար յաջողութեամբ իրականացնել Արցախի մէջ Մատենադարանի հիմնադրութեան աշխատանքները։

comments