Նախագահներ Սարգսեան եւ Սահակեան այցելած են բանակի զօրամասեր

By Asbarez | Saturday, 21 November 2015

1121serj1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> -  Հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 20 Նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելած է պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասեր:

Այցելութիւնը սկսած է բանակայիններուն մասնակցութեամբ <<Մեխակաւան>> զօրավարժարանին մէջ մարտական հրաձգութեամբ տեղի ունեցած գնդային մարտավարական զօրավարժութիւնը դիտելով: Զօրավարժութիւններու աւարտէն ետք հայկական երկու հանրապետութիւններուն նախագահները եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններուն ղեկավարները պարգեւներ յանձնած են զօրավարժութիւններուն գործօն մասնակցութիւն բերած զինուորներուն։

Աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան մասնակցած է ռազմական արժէք ներկայացնող կարեւոր կառոյցներու բացման արարողութիւններուն, այցելած է բանակային բնագիծ եւ ռազմական կարգ մը կառոյցներ, ծանօթացած է զինուորներուն ընկերային–կենցաղային պայմաններուն, ճարտարագիտական ու ամրաշինական կառոյցներուն:

 


comments